Մարաղայի Կոտորածի 26-րդ Տարելիցը Պիտի Յիշատակուի Հադրութի մէջ

Ապրիլ 10-ին, Մարաղայի կոտորածի 26-րդ տարելիցի առիթով, Հադրութի մէջ պիտի կազմակերպուին շարք մը ձեռնարկներ:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Հադրութի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերի բաժնի վարիչ Երազիկ Հայրիյան ըսած է, որ օրուան առթիւ ժամը 18:00-ին Հադրութի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն, որմէ անմիջապէս ետք ներկաները, եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմերը ձեռքերնին, երթով պիտի շարժին դէպի Ազատութեան հրապարակ:
Երեկոյեան ՝ ժամը 19:30-ին, հրապարակի վրայ պիտի ցուցադրուի Մարաղայի ողբերգական անցքերու մասին պատմուող փաստավաւերագրական ֆիլմ:
Է. Հայրիեանի խօսքով` այս ձեռնարկներուն նպատակն է մէկ անգամ եւս յիշել Մարաղայի սպանդի մասին եւ դատապարտել Ատրպէյճանցիներու կատարած վայրագութիւնները: