Մեծ Բրիտանիոյ Թագուհին Շնորհաւորած է Արմէն Սարգսեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առթիւ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թագուհի Եղիսաբէթ Երկրորդը:

Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Կը ցանկայի իմ անկեղծ շնորհաւորանքները յղել Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ: Իմ ջերմ բարեմաղթանքները կը յղեմ Ձեզի եւ Հայաստանի ժողովուրդին ու կ՛ակնկալեմ շարունակել մեր երկու երկիրներու միջեւ գերազանց յարաբերութիւնները»:

Scroll Up