Միսլատայի Հայկական Դպրոցի Սաներու Շնորհաւորանքով Եզրափակուեցաւ Կանանց Մէկամսեակը

Վալենսիոյ եւ Սարատովի հայ համայնքներուն միջեւ, յատկապէս հայկական կրթօճախներու, հաստատուած է եւ կը զարգանայ սերտ համագործակցութիւն: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Արարատ» հայկական միութենէն, վերջինիս վառ ապացոյցն էր Միսլատայի կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն կողմէ ՌԴ Սարատով քաղաքի հայուհիներուն ուղղուած շնորհաւորանքը` նախաձեռնութեամբ ռուսական քաղաքի հայկական դպրոցի ուսուցչուհի Նունէ Բաղդասարեանի:
Սպանաբնակ հայերու եւ, յատկապէս, «Արարատ» հայկական միութեան անունով շնորհաւորական խօսքը բացաւ Հայարփի Իսպիրեան, որ իր խօսքը եզրափակեց գեղեցիկ ասմունքով: Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան աշակերտները, որոնք մայրիկներուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ ձօնեցին հայուհիներուն:
Սարատովի հայուհիներուն շնորհաւորական ուղերձ յղած են նաեւ այլ երկիրներու հայկական համայնքներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն:
Յիշեցնենք, որ կանանց մէկամսեակը «Արարատ» հայկական միութեան մէջ պիտի սկսէր մարտին` «Գարուն» խորագիրը կրող նկարչական մրցոյթով: