ՀՀ Նախագահի Նստավայրէն Պետական եւ Հոգեւոր Խորհրդանիշները Տեղափոխուած են ՀՀ Նախագահի Երդմնակալութեան Արարողութեան Վայր

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը կը ստանձնէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, ժողովուրդին տրուած երդումով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու հանդիսաւոր արարողութեան համար՝ Ազգային ժողովը, Ապրիլ 9-ին, յատուկ նիստ հրաւիրած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։
Արդէն իսկ ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն, մինչ երդմնակալութիւնը՝ հանդիսաւոր կերպով պատուոյ պահակախումբին ուղեկցութեամբ՝ դահլիճ կը բերուին պետական եւ հոգեւոր խորհրդանիշները:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, Ապրիլ 9-ի առաւօտեան, ՀՀ սահմանադրական դատարանէն՝ Սահմանադրութեան մայր օրինակը, Մատենադարանէն` 7-րդ դարու Վեհամօր Աւետարանը տարուած են ՀՀ նախագահի նստավայր:
ՀՀ պետական դրօշը եւ Նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը Հանրապետութեան նախագահի համհարզները յանձնած են պատուոյ պահակախումբի զինուորներուն: ՀՀ Սահմանադրութեան մայր օրինակը ՍԴ անդամ Արեւիկ Պետրոսեանին յանձնած է ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանը, իսկ Վեհամօր Աւետարանը Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանին յանձնած է Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը:
Այնուհետեւ ՀՀ պետական դրօշի եւ Նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանի հետ միասին՝ ՀՀ Սահմանադրութեան մայր օրինակը եւ Վեհամօր Աւետարանը տեղափոխուած են երդմնակալութեան արարողութեան վայր:
Նորընտիր նախագահը կ՝երդուի` աջ ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանին եւ ՀՀ Սահմանադրութեան վրայ՝ հնչեցնելով հետեւեալ նախադասութիւնը. «Ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ կ՝երդնում. հաւատարիմ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, իմ լիազօրութիւնները իրականացնելու ընթացքին ըլլալ անաչառ, առաջնորդուիլ միայն համապետական ու համազգային շահերով եւ ողջ ուժս ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին»: