«Վատիկանի Մէջ Նարեկացիի Արձանը պիտի Դառնայ Աշխարհի Բոլոր Քրիստոնեաներու Սիրելի Յուշակոթողը».Միքայէլ Մինասեան

Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն կը համարէ Վատիկանի մէջ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան մասնակցիլն ու այն աշխարհին ներկայացնելը:

Միքայէլ Մինասեան «ֆէյսբուք»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառման մէջ նշած է, որ Վատիկանի մէջ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման օրն իսկապէս պատմական էր, զգացողութիւններն ու տպաւորութիւնները` անմեկնելի:

«Օրերն ու իրադարձութիւնները մոռացուելու յատկութիւն ունեն, մի օր չենք լինի եւ մենք` մեզ հետ տանելով մեր յիշողութիւնները, բայց Գրիգոր Նարեկացու` Վատիկանի այգիներում տեղադրուած արձանը յաւերժ կը մնայ սերունդներին: Նարեկացու պրոնզաձոյլ արձանը Հայաստանի մի մասնիկն է Սուրբ Աթոռում: Արձանի վրայ պատկերուած է աստուածային գիրքը` «Նարեկը»: Արձանի դիմացի մասում հրեշտակն ու նռնենին է, ետնամասում կտուցով խաղաղութիւն բերող աղաւնին` Նարեկացու աղաւնին: Հեղինակը` Դաւիթ Երեւանցին, ցանկացել է, որ Նարեկացու արձանը կամուրջ դառնա երկնքի ու երկրի միջեւ եւ փայլուն կերպով իրականացրել է գաղափարը: Արձանը բացելն ու այն աշխարհին ներկայացնելն ինձ համար մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն էր»,- գրած է դեսպանը:

Միքայէլ Մինասեան անկեղծօրէն կը հաւատայ, որ Նարեկացիի արձանը պիտի դառնայ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու սիրելի յուշակոթողը: «Ի սրտէ շնորհակալ եմ բոլորին, ովքեր ֆիզիկապէս ու հոգեպէս մեր կողքին էին այս պատմական իրողութեան կայացման ընթացքում»,- եզրափակած է ան:

Scroll Up