Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Արձանը Եղբայրութեան Խորհրդանիշ է. Սուրբ Աթոռի Մէջ ՀՀ Դեսպան Միքայէլ Մինասեանը` Vatican News-ին
«Մտերմութեան նշան». Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան Vatican News-ին այսպէս մեկնաբանած է Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի կամուրջ եւ տիեզերականութեան խորհրդանիշ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանի օծման արարողութիւնը:
Օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, ի թիւս այլ բարձրաստիճան հիւրերու, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապի ներկայութեամբ:
Քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի արձանի երկու օրինակ ձուլուած է` մէկը` Վատիկանի պարտէզներուն, իսկ միւսը` Էջմիածինի վեհարանի պարտէզներուն համար:
«Արուեստը այսպիսով կը դառնայ եղբայրութեան ուղերձ, որ կրնայ միաւորել քոյր եկեղեցիները»,- կը նշէ Vatican News-ը:
«Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի տեղադրումը խորհրդանիշ է` երկու իրականութիւններու, երկու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրութեան, բոլոր քրիստոնեաներու, մասնաւորապէս` Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու եղբայրութեան խորհրդանիշ»,-ըսած է Միքայէլ Մինասեան Vatican News-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
«Մենք նախ եւ առաջ կը յիշենք Ֆրանչիսկոս պապի ճանապարհորդութիւնը` որպէս ուխտագնացութիւն: Կրնանք տեսնել նաեւ բազմաթիւ ուխտագնացներ, որոնք Ֆրանչիսկոս պապէն օրինակ առած են եւ սկսած են ուխտագնացութիւններ կատարելու քրիստոնեայ, մշակոյթով հարուստ, արեւելեան, բայց միեւնոյն ժամանակ նոյնքան արեւմտեան այդ հողի վրայ: Այս արձանը Ֆրանչիսկոս պապի ճանապարհորդութեան անմիջական պտուղն է, որովհետեւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ արձանի տեղադրման այս գաղափարը քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապի միջեւ, երբ նախագահը Սուրբ Հօրը նուիրեց այդ արձանի փոքր օրինակը` որպէս երախտագիտութեան նշան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոսը շնորհելուն համար»,- նշած է դեսպան Մինասեան: