Ս. Յարութեան Տօնը Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի` Ապրիլ 1-ին,  հանդիսապետութեամբ` Իրաքի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի, առաջնորդանիստ Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Զատկուայ առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագ։ Այս մասին Հայերն այսօր-ը կը տեղեկանայ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի`  iadmc.org կայքէջէն:

Պատարագին ներկայ էին Ազգ․Կեդր․Վարչութեան անդամները, հիւրեր եւ համայնքիս հաւատացեալ զաւակները։ Սրբազանն իր զատկական պատգամին մէջ, շեշտեց` Յարութեան եւ վերածնունդի կարեւորութիւնը մեր ազգին համար։

 

Scroll Up