Ս. Յարութեան Տօնը Քուէյթի Մէջ
Կիրակի 1 Ապրիլ 2018ին Քուէյթի հայ համայնքը ձայնակցելով քրիստոնեայ աշխարհին հետ, ցնծութեամբ տօնեց Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր Քրիստոսի յարութեան շունչով վերանորոգուելու։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Քուէյթի մօտ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Տիար Մանուէլ Բադէեանը եւ Տիկ. Լիլիթ Գալստեանը եւ Լիբանանի դեսպան Տիար Մահէր Ալխէրը։
Քարոզին մէջ Հայր Սուրբը ըսաւ, որ «Յարութեան լուսաշող ու կենդանացնող առաւօտը թող ամէն օր լուսաւորէ մեր կեանքը, յարութեան հաւատքը ամէն օր նոր սկիզբ ըլլայ մեզի համար, որովհետեւ նոր յոյսեր, նոր իրագործումներ, նոր յաղթանակներ եւ յաջողութիւններ մեզ կը սպասեն:
Աղօթենք, որ մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրը մեզի հանդիպի կեանքը, մեզի հանդիպի յարութեան պարտէզը, մեզի հանդիպի Քրիստոսի քաջալերող ձայնը, որ կ’ըսէ.- Մի՛ վախնար, ես աշխարհին յաղթեցի: Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի:
Յարութեան ուրախութիւնը կը կայանայ այն ճշմարտութեան մէջ, որ մեր գերեզմաններէն անդին Քրիստոսի յարութեան պարտէզը մեզ կը սպասէ, ուր Քրիստոս կ’ապրի յաւիտեան եւ կը սպասէ մեր վերադարձին, ինչպէս Պետրոս առաքեալ, որ երբ լուրը առաւ յարութեան, Տիրոջ վերադարձաւ, գերեզման վազեց եւ ինք եւս վկան դարձաւ պատմութեան մեծագոյն դէպքին:
Քրիստոս դուրս եկաւ գերեզմանէն եւ ցոյց տուաւ, թէ Ինքն է յարութիւնը եւ կեանքը: Դարերու ընթացքին եղանք հետեւորդները յարուցեալին եւ քալեցինք Անոր ոտքի հետքերով: Որպէս ազգ, դարերու մեր փորձառութեամբ մենք բոլորս վկաները դարձանք յարութեան, մասնակիցները դարձանք կեանքի յաղթանակին, որովհետեւ յարութեան շունչով, հոգիով ու հաւատքով մկրտուեցաւ մեր հայրենիքը: Շնորհիւ յարութեան հաւատքին միշտ ոտքի կանգնեցանք, դուրս եկանք գերեզմաններէն, արթնցանք մեռելաքունէն եւ յարութեան տեսիլքով պայքարեցանք, գոյատեւեցինք եւ հայրենիք կերտեցինք:
Արդարեւ, հայ ազգը լաւագոյնս դրսեւորած է Յարութեան գաղափարը, երբ Ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի անց, Յարութիւն առնելով իր բիւր նահատակներէն, 1918-ի Մայիս 28-ին կերտած է անկախ պետականութիւն, որուն 100 ամեակը հպարտանքով եւ ազգովին կը նշենք այս տարուան ընթացքին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2018 տարին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակի տարի հռչակելով, մեր ուշադրութեան կեդրոնը միշտ պահեց այսօրուա՛ն Ազատ եւ Անկախ Հայաստանը, որուն ամրապնդումն ու բարգաւաճումը առաջնային խնդիր է ամբողջ հայ ազգին համար»:
Այս ցնծագին առիթով Առաջնորդ Հայր Սուրբը աղօթք բարձրացուց առ Բարձրեալն Աստուած, որ կանգուն պահէ մեր հայրենիքը եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, նաեւ աղօթեց, որ մեր Հայրապետին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պարգեւէ առողջ, բարգաւաճ տարիներ եւ երկարամեայ երջանիկ գահակալութիւն: Եւ վերջապէս մաղթեց, որ մեր ժողովուրդը բոլոր պայմաններուն մէջ դէպի Կեանքն ու Լոյսը քալելու իր ընտրած ուղիին հաւատարիմ՝ շարունակէ իր երթը եւ Քրիստոսով ու քրիստոնէական հաւատքի ճամբով ընթանայ՝ ի պանծացումն մեր ազգին ու հայրենիքին եւ ի պայծառութիւն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին թափօր կազմած ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան Առաջնորդարանի «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեաններ» սրահ, ուր Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընդունեց շնորհաւորութիւնները եւ ներկաներուն փոխանակեց իր բարեմաղթութիւնները: