Լոնտոնահայերը Ցոյցով Պատասխանած Են Ատրպէյճանա-Թրքական Համայնքին
Լոնտոնի հայ համայնքը շատ աւելի կազմակերպուած եւ մարդաշատ ցոյցով պատասխանած է ատրպէյճանա-թրքական համայնքի ներկայացուցիչներու` Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանարպետութեան դեսպանութեան մօտ կազմակերպած ցոյցին:
ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան տեղեկացուց, որ «Մարտի 31-ին ատրպէյճանա-թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ Լոնտոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան առջեւ կազմակերուած էր ցոյց` ընդդէմ, այսպէս կոչուած, 1918թ. հայերու կողմէ թուրքերու հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութեան», ինչպէս որ այդ մասին նախօրէին տարածուած էր ընկերային ցանցերով: Ցոյցի օրը Լոնտոնի մէջ հայ համայնքին շուրջ 50 ներկայացուցիչներ եկան սատար կանգնելու ՀՀ դեսպանութեան` Հայաստանի ու Արցախի դրօշներով եւ համապատասխան պաստառներով:
Ատրպէյճանա-թրքական 5-6 հոգինոց ցուցարարներու խումբը, տեսնելով հայ համայնքի կազմակերպած պատասխան ցոյցը, անակնկալի եկաւ: Աւելին` յայտնուելով շփոթութեան մէջ, անոնք սկսան հեռախօսազանգեր կատարել, որուն արդիւնքով` գրեթէ մէկ ժամ անց վերջիններուս միացաւ եւս քանի մը ցուցարար: Ակնյայտ է, որ ցոյցի կազմակերպիչներուն համար սա իսկական ձախողում էր, քանի որ այդպէս ալ անոնք չներկայացուցին նախապէս յայտարարուած իրենց պահանջը: Դատելով անոնց անկազմակերպ կեցուածքէն` պէտք է ենթադրել, որ կամ պակսած է անոնց բաժին հասնող նաւթատոլարներու հոսքը, կամ տարաձայնութիւններ կան կազմակերպիչներուն միջեւ եւ կամ ալ անոնք հիասթափուած են իրենց երկիրներու ղեկավարութենէն:
Ցոյցի ողջ ընթացքին հայկական համայնքի ներկայացուցիչները ցուցաբերեցին բարձր կազմակերպուածութիւն` եւս մէկ անգամ ապացուցելով, որ Հայաստանի ու Արցախի դիրքերը ամուր պաշտպանուած են` ըլլայ ատիկա Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ»