Սփիւռքի Նախարարն Աշխատանքային Այցը Կը Շարունակէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան ՄԷջ
Աշխատանքային այցով Աւստրիոյ Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ապրիլ 1-ին մեկնած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն: Նախարարը Քեօլն քաղաքի Հայ Առաքելական Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ կը մասմակցի Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման 30 ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, հանդիպումներ կ’ունենայ Քեօլնի հայ համայնքի նախագահի, հայկական կազմակերպութիւններու ներկակացուցիչներու եւ Գերմանիոյ հայ գործարարներու միութեան ղեկավարներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աւարտեց աշխատանքային այցը Աւստրիա, ուր մասնակցեցաւ Եւրոհայկական 23-րդ մարզական խաղերու պաշտօնական բացման, հանդիպումներ ունեցաւ Վիեննայի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներու, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամներու, խաղերու պատուիրակութիւններու եւ մարզիկներու հետ, ինչպէս նաեւ Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Ճրագալոյցի պատարագին: