Արցախաեան Ազատագրական Պայքարի 30-ամեակը` Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճին ՄԷջ

Արցախաեան ազատագրական պայքարի 30ամեակի միջնակարգի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Մարտին, ներկայութեամբ քոլէճի նախակրթարանի ու Միջնակարգի աշակերտութեան։

Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ցուցադրուեցաւ կարճ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Արցախեան քառօրեայ պատերազմը։ Ապա, 7֊րդ դասարանի աշակերտները մեծ ապրումով կատարեցին Ա.Ահարոնեանի “Վազրիկը” գործին բեմականացումը, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց աշակերտութեան մօտ։ Այս մասին Հայերն այսօր-ը կը տեղեկանայ Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի ֆէյսպուքեան էջէն:

Օրուան պատգամը փոխանցեց քոլէճի տնօրէն պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ հաստատեց, թէ Արցախեան հին թէ նոր հերոսները, իրենց դրօշը փոխանցած են նորահաս սերունդին ու յիշելով զանոնք, նորերը կ՝ուխտեն քալել անոնց ճանապարհէն։ Ապա ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, որու շնորհիւ Ցեղասպանութիւն ապրած ազգը երեք տարի ետք Անկախութիւն կերտեց, ու ըսաւ.֊ ” Մայիսեան Անկախութեամբ, Թուրքի հայաջինջ ծրագիրը բախեցաւ Սարդարապատի ամուր պատին”։

Ապա տնօրէնը պատմական արագ ակնարկով նշեց սփիւռքի հայապահպանման ջանքերն ու հայ դատի պահանջատիրութիւնը, հասնելով Արցախեան ազատագրական պայքար ու մինչև քառօրեայ պատերազմ, ու աւելցուց.֊”Դուք, սիրելի աշակերտներ, տեսած էք անկախութիւն ու ազատագրուած տարածքներ և ձեր մէջ դրոշմուած է արդէն միացեալ Հայաստանի ստեղծման գաղափարը։ Ուստի, վերցուցէ’ք ձեզի փոխանցուած դրօշը, ու աշխատեցէ’ք կերտել ամբողջ հայութեան երազած՝ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը։
” Իւրաքանչիւր հայերէն բառ որ կ՝արտասանէք, կը գրէք կամ կը կարդաք, փամփուշտ մըն է ուղղուած հայութեան թշնամիներուն։ Այս գիտակցութեամբ մտէ’ք դասարան, յաճախեցէ’ք հայկական վարժարան, ապագային ձեր զաւակները ևս ուղղեցէք հոն, որպէսզի ազգովին կարենանք իրականացնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը”։

Տնօրէնի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Արցախի մասին կարևոր տեղեկութիւններ փոխանցող power point մը, ապա 8֊րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, ասմունքի ընկերակցութեամբ ու նահատակ ազատամարտիկներու պատկերներով։

Նշենք, թէ ձեռնարկի մուտքին, աշակերտներուն բաժնուեցան Արցախեան Պայքարի 30֊ամեակին նուիրուած ” սթիքըր” ներ։

Scroll Up