Երեւանի Օրը Պիտի Նշուի Սեպտեմբեր 29-ին եւ 30-ին
Երեւանի օրը 2018 թուականին պիտի նշուի ոչ թէ աւանդական դարձած հոկտեմբեր 13-ին, այլ սեպտեմբեր 29-ին եւ 30-ին: Այդ մասին որոշման նախագիծը հաստատուեցաւ կառավարութեան նիստին:
«Արմէնպրես»-ի փոխանցմամբ, Երեւանի օրը փոխելու նախաձեռնութիւնը պայմանաւորուած է 2018 թուականի հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք Ֆրանխօսսա պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովի կապակցութեամբ իրականացուող ձեռնարկներու ծաւալով, ատոնց պատշաճ իրականացնելու անհրաժեշտութեամբ եւ պահանջուող ժամանակով:
Այս տարի կը նշուի Երեւանի 2800-ամեակը: