Ծաղկազարդը` Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծաղկազարդի տօնին առիթով Կիրակի, 25 Մարտ 2018֊ի առաւօտեան ժամը 8։30֊ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս.և Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանը։ Այս մասին Հայերն այսօր-ը կը տեղեկանայ Ճէզիրէի Հայ Գաղութը ֆէյսպուքեան էջէն:
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները երկիւղածութեամբ մօտեցան Ս. Սեղանին և Հաղորդուեցան , ապա բոլորը թափոր կազմած ուղղուեցան, Փոխառաջնորդարանի դահլիճ ուր Հայր Սուրբը, եւ թաղականութեան Ատենապետ Տոքթ. Անդրանիկ Սարգիսեան ընդունեցին Գամիշլիի Կիրանօրեայ վարժարանի Ուսուցչած կազմը եւ աշակերտութիւնը ։ Նախ Հայր սուրբը բոլոր աշակերտներուն բացատրեց թէ ի՞նչ է “Ծաղկազարդ”ը, ապա ներկաներուն բաժնեց այս առիթով յատուկ պատրաստուած տոպրակներ ։
Աւարտին Հայր Սուրբը բարձրօրէն գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարանի Ուսուցչած կազմը, որոնք մէկ շաբաթէ ի վեր գիշեր և ցերեկ աշխատեցան , գեղեցիկ մոմերը զարդարեցին ու տոպրակները լեցուցին համեղ ուտելիքներով։ Իսկ երեկոյեան ժամը 4։00֊ին տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։