ArmHiTec-2018 Միջազգային Ցուցահանդէսին Պիտի Ներկայացուին Ռազմարդիւնաբերական Ոլորտին Մէջ Հայկական Մշակումներ
Ռազմարդիւնաբերական ոլորտին մէջ հայաստանեան մտքի եւ կարողութիւններու օգտագործման առումով ապրիլեան պատերազմէն ետք բաւական առաջընթաց կայ:
Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ՊՆ ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան:
Անոր խօսքով, Մարտ 29-31-ին, Երեւանի մէջ կայանալիք սպառազինութեան եւ պաշտպանական ճարտարագիտութիւններու ArmHiTec-2018 միջազգային ցուցահանդէսին՝ փակ ցուցադրութեամբ՝ պիտի ցուցադրուին նշուած մշակումներն ու լուծումները: «Ներկայացուած պիտի ըլլան ամենավերջին մշակումները: Շարք մը նմուշներ, որոնք մինչ այդ չէինք ցուցադրեր, ցուցադրուած պիտի ըլլան նաեւ բաց մասով»,- ըսած է ան:
ArmHiTec-2018 միջազգային ցուցահանդէսին ծիրէն ներս՝ տաղաւարներով ներկայացուած պիտի ըլլան, Հայաստանէն բացի, եւս 14 երկրի 30 ընկերութիւն: