Ծաղկազարդը Վանքուվըրի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/03/29683408_1723705094354930_1450008612575607811_n.jpg)
Կիրակի, Մարտ 25 2018 թ., Վանքուվըրի մէջ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Վարդան Հայց. Առաք. եւ Ուղղ. Եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուեցաւ Ծաղկազարդի եւ Դռնբացէքի արարողութիւնները հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Ներսէս Շնորհալի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու, նորակազմ Եկեղեցասէր երիտասարդաց անդամներու եւ քաղաքէն դուրս այցելող հիւրերու։ Այս մասին Հայերն այսօր-ը կը տեղեկանայ Սուրբ Վարդան Հայց. Առաք. եւ Ուղղ. Եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջէն:
Արարողութեանց աւարտին, երիտասարդներու եւ աշակերտներու թափորը առաջնորդուեցաւ դէպի Սեդրակ Գալփակեան Սրահ, ուր Եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան անդամները պատրաստած էին ճաշ Ծաղկազարդի տօնին առիթով։