Ծաղկազարդը Քեսապի եւ Լաթաքիոյ Մէջ

Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, Քեսապի մայր բնութեան գիրկը հանգչած Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնը ցնծութեամբ յիշատակուեցաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Եկեղեցին զարդարուեցաւ ձիթենիի ճիւղերով եւ ճոխացաւ Քեսապի փոքրիկներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեամբ։ Նախքան արարողութիւնը, Քեսապի ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ձիթենիի տերեւներով պատրաստուած փոքր խաչեր զետեղեցին հաւատացեալներուն կուրծքին վրայ:
Նոյն օրը, Լաթաքիոյ հայութիւնը հոծ բազմութեամբ «Ովսաննա»-ներով տօնախմբեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։
Scroll Up