Դասախօսական ելոյթ՝ Մակար Եկմալեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին

Կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ՝ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութեան Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի՝ 11 Մարտ 2018ի առաւօտեան Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մակար Եկմալեանի կեանքն ու գործունէութիւնը 1856-1905» խորագրով դասախօսական ելոյթ, կատարողութեամբ՝ տիկ. Արաքսի Վահեւնունիի, ներկայութեամբ՝ շրջանին մէջ գործող միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հաւատացեալներու։ Այս մասին կը յայտնէ «Ազատ օր»-ը:
Տիկ. Վահեւնունի հայերէն եւ յունարէն լեզուներով ներկայացուց հանրածանօթ երաժիշտին կեանքն ու գործունէութիւնը եւ վեր առաւ անոր ներդրումը՝ յատկապէս ու մասնաւորաբար Ս. Պատարագի երգեցողութեան եւ այլ երաժշտական գործերու ընդմէջէն։
Դասախօսական ելոյթի ընթացքին, մէջ ընդ մէջ, տիկ. Թամարա Սիմոնեան իր քաղցր ձայնով Ս. Պատարագէն մի քանի հատուածներ մեներգեց։ Աւարտին, Հոգշ. Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատանք յայտնեց տիկ. Վահեւնունիին՝ կատարած լուրջ դասախօսութեան եւ տիկ. Սիմոնեանին՝ մեներգութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպիչ միութեան, որ շարունակաբար այսպիսի նախաձեռնութիւններ կ’իրագործէ՝ յատկապէս մեր մեծերուն անմահանուն գործունէութիւնը վառ պահելու համար։ Այնուհետեւ, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։