ՀԲԸՄ ՎԱՉԷ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆ»Ի ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Ուր Որ Հայ Կայ, Հայաստանը Հո՛ն Է
Մարտ 8ին եւ 9ին, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի «Հայ Թատրոն» աշակերտական թատերախումբը «Պոյաճեան» սրահին մէջ ներկայացուց այնճարաբնակներուն մասին գրուած՝ «Խնձորի Բուրմունքը» թատերախաղը: Թատերախաղի հեղինակն է Վաչէ Ատրունի:
Նիւթը առնուած է իրական կեանքէ: Հայ ընտանիքին երէցը, սերմերը ցանելով, հողը մշակելով՝ խորունկ արմատներ կը ստեղծէ եւ ոտքերը ամուր կը պահէ իր հողին վրայ: Թէեւ Հայաստանի կամ հայրենիքի մէջ չէ այդ հողը, ան խորունկ կապուածութիւն կը ստեղծէ հողին հետ ու այդ հողը իր ինքնութիւնը կը դարձնէ: Աշխատանքը, ճակտի քրտինքը եւ առատ բերքը անոր հպարտութիւնն են:
Նիւթը կը զարգանայ եւ հոն սերունդներու բախումն է տիրապետողը: Հողը ձգել կամ չձգել… Նիւթականը եւ բարոյականը, չարին ու բարիին պայքարը, քաղաքացին ու գիւղացին… Թէեւ թատերախաղը տրամա մըն է, սակայն կ՛անդրադառնայ նաեւ ընտանեկան սրբութեան, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան թեմաներուն, որոնք տարբեր գոյներ կը ստեղծեն պատմութեան դէպքերու ընթացքին:
Այս պատմութեան մէջ, մեր կարծիքով, «Խնձորին Բուրմունքը» կը խորհրդանշէ թթուածինը, զոր ամբողջ ընտանիքի անդամները կը շնչեն: Այնճարի մէջ, այդ բուրմունքով է որ իրենց միտքերուն, նոյնիսկ ոսկորներո՛ւն մէջ մարդկային արժէքները գոյութիւն ունին: Բարեբախտաբար, չազդուելով կեանքի բարելաւման «երազներէն»՝ այս մարդկային արժէքներուն հաւատացողները, պատմութեան մէջ, նոր սերունդի ներկայացուցիչներն են, որոնք կարծես բուրմունքը ժառանգելով՝ հպարտութեամբ եւ յարգանքով կը վերաբերին հողին, ընտանիքին, նոյնիսկ օտարները կը համոզեն այդ բուրմունքին թանկարժէք ըլլալու իմաստը:
Եթէ այնճարցիներուն հայրենիքը Այնճարն է, կամ՝ հողն է, ուրեմն ո՛ւր հայ կայ՝ հոն Հայաստանը ներկայ է: Հայը, իր ազնուութեամբ, աշխատասիրութեամբ, յամառութեամբ եւ հաւատարմութեամբ միշտ եղած է տիպար եւ պատուաւոր մարդ:
«Հայ Թատրոն» թատերախումբի աշակերտ-դերասանները «Խնձորի Բուրմունքը» իրապաշտ գործը ներկայացուցին խորունկ ապրումներով: Բեմին վրայ Այնճարի բարբառը չհնչեց, ո՛չ ալ «ամերիկահայերէն»ը, այլ՝ մաքուր եւ սահուն արեւմտահայերէն: Հանդիսատեսը ամբողջովին գրաւուած էր անոնց անկեղծ արտայայտութիւններով: Բեմին վրայ տեղի ունեցան վիճաբանութիւններ, գովասանքներ, սիրոյ զգացական պահեր, լաց ու կոծ, խինդ ու ծիծաղ: Դերասանները պատանիներ եւ պարմանուհիներ ըլլալով հանդերձ, կերպարափոխուած էին եւ վարպետօրէն ներկայացուցին երեք սերունդները:
Իսկ ի՞նչ է «Հայ Թատրոն» դասարանին նպատակը, եթէ ոչ՝ վառ պահել մայրենին եւ սերունդները կապել իրենց մշակոյթին, հայրենիքին ու հայու ինքնութեան:
Հանդիսատեսը գոհացնելու կողքին, թատրոնը կեանքի մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգելու առիթ մըն էր հանդիսատեսին, ինչպէս նաեւ դերասաններուն համար: Իբրեւ ծնողք, հրճուանքով հետեւեցայ երկու ներկայացումներուն: Մեծապէս կը գնահատեմ բոլոր դերակատարներուն փայլուն աշխատանքը: Կատարելագործութեան նպատակով յայտնի էին անոնց թափած ջանքերը եւ պատասխանատուութիւնը բեմին վրայ: Մեծ մայրը՝ Կալին Աղէկեան, զաւակները՝ Գէորգը՝ Փիթըր Տէր Պետրոսեան, Աւօն՝ Շանթ Յովակիմեան, հարսը՝ Նայիրի Տաղլեան, թոռնիկը՝ Վրէժը՝ Իթըն Քէշիշեան, Վրէժի ընկերուհին Նաուալը՝ Քաթիա Խանլեան, ինչպէս նաեւ Սելին Հաճճար՝ յուշարարը։ Նանօր Տէր Պետրոսեան լոյսի եւ երաժշտութեան պատասխանատուն էր, իսկ Քրիստինա Շիրանեան՝ ծանուցումի եւ երաժշտութեան պատրաստութեան:
Ինչպէս միշտ, Մանուկ Սաթամեանի հրաշալի եւ հմուտ ձեռքերով, Այնճարէն բնական պատկեր մը ստեղծուած էր բեմին վրայ:
ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի «Հայ Թատրոն»ը մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցած է ուսուցչուհի Լորա Գույումճեանի նուիրումին շնորհիւ: Տասը տարիներու ընթացքին ներկայացուած են փունջ մը ներկայացումներ, որոնցմէ վերջինը՝ «Խնձորի Բուրմունքը»: Իւրաքանչիւր կտոր ներկայացնելով՝ աշակերտները խօսած են մայրենիով, ներկայացուցած են հայ գրականութիւնը, գաղութը զուարճացուցած են որակաւոր ներկայացումներով եւ վերջապէս՝ հպարտ պահած են իրենց ծնողներն ու դպրոցը։ Բարձրօրէն կը գնահատենք օրիորդ Լորայի որակաւոր գործունէութիւնը, յատկապէս՝ «Հայ Թատրոն»ին մէջ:
Բոլորին վարձքը կատար: Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք եւ անհամբեր կը սպասենք յաջորդ ներկայացումին:
ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
asbarez.com