Ճաշկերոյթ՝ ի Նպաստ Քարվաճառի Վերակառուցման Արցախեան Ծրագրին

Անցեալ շաբաթավերջին Լոս Անճելոսահայ գաղութէն ներս մշակութային եւ ընկերական այլազան ծրագիրներու առընթեր, ինքնատիպ եւ ուշագրաւ միջոցառում մըն էր, Քարվաճառը վերակառուցելու արցախեան ծրագրի յանձնախումբի նախաձեռնութիւնը:
Արդարեւ, Մարտ 18, 2018ին, Կլէնտէյլի «Ֆինիշիա» սրահը ժամադրավայրը դարձած էր շուրջ 200 հրաւիրեալներու, որոնք կը ներկայացնէին Հարաւային Գալիֆորնիոյ եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական, հայրենակցական միութիւններն ու հայ մամուլը: Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Աւագ Հիւպատոսութենէն Տիար Ռազմիկ Ստեփանեանը եւ Նահանգային Երեսփոխան Տիար Ատրին Նազարեանը:
Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հոգեւորականներու կողմէ տեղի ունեցաւ սեղաններու օրհնութիւնը:
Օրուան հանդիսավարներու Արմինէ Զաքարեանի (հայերէն) եւ Ֆրետ Սարգիսեանի (անգլերէն) բացման ջերմ խօսքերէ ետք ելոյթ ունեցաւ սոյն միջոցառումը կազմակերպող Արարատ Հիմնադրամի նախագահ եւ համա-հիմնադիր Լաուրա Մելիքեան: Ան ամփոփ գիծերով ներկայացուց իր միութեան առաջարդրանքը որ է սատարել ազատագրուած Արցախի մեր հայրենակիցներու առաջնահերթ կարիքներու, յատկապէ ընկերային, կրթական եւ մշակութային բնագաւռներուն մէջ: Իսկ ներկայ հանգրուանին իր կազմակերպութիւնը ծրագրած է հիմնովին վերանորոգել Նոր Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ աւանի պատանեկան եւ երիտասարդական մշակութային կեդրոնը, որ ներկայիս շատ խղճալի վիճակի մատնուած է: Նախատեսուած է հիմնովին վերանորոգել 300 տեղանոց հանդիսասրահը, զայն արդիականացնել ժամանակակից սարքաւորումներով, բեմով, պատուհաններով, դռներով ու կենցաղային այլ յարմարութիւններով: Նմանապէս ծրագրուած է մշակոյթի կեդրոնն օժտել հինգ սենեաներով, որոնք պիտի ծառայեն շրջանի բնակչութեան այլ կարիքներուն:
Վերակառուցուելիք մշակութային կեդրոնի այժմու վիճակի մասին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը եւ յատուկ բացատրութիւններ տրուեցաւ հիմնադրամի տնօրէն Ֆրէտէրիգ Վարդանեանցի կողմէ:
Տիկին Հելեն Հայկ իր ելոյթին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը նորահաս երիտասարդութեան ընդգրկումը պետական կառոյցներէն ներս, որպէսզի առաւել եւս օգտակար հանդիսանան համայնքի կարիքներուն:
Գալիֆորնիոյ Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Ատրին Նազարեան, խօսք առնելով շեշտեց արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումն ու ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի արդար դատի հետեւողական հետապնդումը: Ան կարեւորեց նաեւ հայութեան գործօն մասնակցութիւնը քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն եւ գործնական աջակցութիւններուն, որոնցմէ մին է օրուան այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը եւ յարեց. «Մենք պէտք է կերտենք մեր ապագան, նուիրաբերենք ու բարձր պահենք մեր մշակոյթի ջահը»:
Նոյն օրը Ա. Նազարեանի ծննդեան տարեդարն ալ ըլլալով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատման արարողութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ «Թիւֆէնքճեան Հիմնադրամ»ի պատասխանատուներէն Ռաֆֆի Կիւտէքեան: Ան կոչ ուղղեց ծաղկեցնել ազատագրուած տարածքները եւ ուժեղ ըլլալ: Ապա Քարվաճառի վերակառուցման ծրագրին համար նուիրեց հինգ հազար տոլար:
Սրտի ջերմ խօսքերով եւ խրախուսական ելոյթով հանդէս եկան «Արարատ Հիմնադրամ»ի կազմակերպիչ Կոմիտէի անդամ Սիլվա-Նաթալի Մանուկեան եւ շեշտեց ներդրումի կարեւորութիւնը յաջողութեան հասնելու համար:
Մէջ ընդ մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Անժելլա Փաչանեանի (ասմունք) եւ շնորհալի երգիչներ Անուշ Առաքելեանի, Յարութ Յակոբեանի, Արթիւր Յակոբեանի (Mister X), Տարոա Ստեփանեանի եւ Նարինէ Թահմիզեանի:
Արարատ Հիմնադրամի անունով փոխ ատենապետ Արա Ահարոնեան յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց համայնքիս ծանօթ անձնաւորութիւններէն Յարութ Պրօնոզեանին, առ ի գնահատութիւն Քարվաճառը վերակառուցանելու արցախեան ծրագրին իրականացման համար իր ցուցաբերած արժէքաւոր աջակցութեան: Իր պատասխան խօսքին մէջ Յ. Պրօնօզեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կոչ ուղղեց նիւթապէս մասնակցիլ սոյն կեդրոնի ծրագրի իրականացման օգտին եւ անձնապէս 5,000 տոլարով սատարեց այս օգտաշատ նախաձեռնութեան: Տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ այլ նուիրատւութիւններեւ աճուրդային վաճառք:
Աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Կոմիտէի Համա-ատենապետ Արա Ահարոնեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ սոյն միջոցառումը կը զուգադէպէր նաեւ Արցախի ազատագրման շարժումի 30-ամեակին հետ: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան միջոցառումի բոլոր մասնակիցներուն, յանձնախումբի անդամներուն եւ նուիրատուներուն:
Հայրենանուէր եւ գնահատելի միջոցառում մը արդարեւ:
Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ
massispost.com