Ֆրանսահայ Երիտասարդները Կ’արձագանքեն Իրենց Առաջնորդին Կոչին
Մօտ մէկ ամիս առաջ, Գերաշնորհ Վահան Յովհաննիսեան, քրիստոնեայ հայ երիտասարդներուն իրենց ծուխերուն մէջ արեան տուչութիւն կազմակերպելու եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը նշելու կոչ ըրաւ: Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Առաջնորդարանէն:
Այս կոչին պատասխանելով, Փարիզեան շրջանի “Եկեղեցասէր Երիտասարդներ”ը կը կազմակերպեն “Կեանքի պարգեւ” միջոցառումը: Այս միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Ապրիլ 21-ի առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ 14:30, Փարիզի EFS-ի (ֆրանսական Արիւնին Հիմնարկ) շէնքին մէջ: Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար, այս արեան տուչութեան մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի, մեզի հետ կարելի եղածին չափ կանուխ կապ հաստատել: Աւելի լաւ կազմակերպուելու համար արձանագրուելու վերջին ժամկէտը Ապրիլ 5-ն է: Email: yegeghetsaser@gmail.com Հեռաձայն՝ 01 43 59 67 03.
Առաջնորդի կոչին պատասխանելով, Մարսիլիոյ շրջանը ապրող 103 հայ առաքելական երիտասարդներ, հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առթիւ, արեան տուչութիւն
պիտի կատարեն: Այս ծրագիրը, Ապրիլ 7-ին, ժամը 11-ին, Մարսիլիոյ Սուրբ Թարգմանչաց Տաճարին մէջ կը սկսի:
Կը սպասենք որ բոլորդ արձանագրուիք, կամ պարզապէս աջակցիք երիտասարդներուն: Հեռաձայնեցէք մեզի 04 91 77 84 70 թիւին կամ գրեցէք մեզի cathedralearmenienne.marseille@orange.fr հասցէին:
Ծրագրի մանրամասնութիւնները, ինչպես նաեւ արեան հաւաքման օրերը կը յայտարարուին ապրիլ 7-ին: Կը խնդրենք տարածել այս յայտարարութիւնը: