Ուրուկուէյի Համալսարանին ՄԷջ Պիտի Դասաւանդուի Արեւելահայերէն

Ուրուկուէյի համալսարանի բանասիրական եւ մանկավարժական գիտութիւններու բաժանմունքի օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ  ուսանողներուն համար բացուած է արեւելահայերէնի դասընթացներ:

Այս մասին տեղեկատուութիւն հրապարակուած է համալսարանի պաշտօնական կայքին մէջ մարտ 16-ին: Յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտն ապրիլ 6-ն է:

Հաղորդմամբ, արեւելահայերէնի ուսուցման դասերու իրականացումը պիտի կատարուի 2016 թուականին` ԵՊՀ-ի ու Ուրուկուէյի համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագրի ծիրէն ներս: Համաձայնագրի նպատակն է աջակցիլ մշակոյթի, կրթութեան, գիտական հետազօտութիւններու տարածման:

Դասընթացները պիտի իրականացնէ բանասէր, հայոց լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ Յովհաննէս Բոդուկեան:

Scroll Up