«Նարեկացի» Միութեան Տան Մէջ Պիտի Կայանայ «Իմ Ղարաբաղը» Ակնարկին Քննարկումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/03/82989.jpg)
Ապրիլ 7-ին, ժամը 17:00-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ պիտի կայանայ «Իմ Ղարաբաղը» ակնարկին քննարկում-հանդիպումը՝ լրագրող Մարք Գրիգորեանի հետ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան համակարգող Մարիամ Անդրէասեանը` նշելով, որ մուտքը ազատ է բոլոր ցանկացողներուն համար:
Յիշեցնենք, որ Մարք Գրիգորեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Մինչեւ լրագրողական աշխատանքի անցնիլը՝ դասաւանդած է Պուշկինի անուան միջնակարգ դպրոցին, Երեւանի պետական համալսարանի, «Անանիա Շիրակացի» համալսարանին մէջ:
Լրագրողական գործունէութիւնը սկսած է 1993 թուականին` աշխատելով ԱԻՄ կուսակցութեան ռուսալեզու «Свобода» թերթին մէջ, նախ իբրեւ փոխխմբագիր, ապա գլխաւոր խմբագիր:
1995 թուականի Ապրիլին աշխատանքի անցած է ամերիկեան «AIM_ Armenian International Magazine» ամսագիրին մէջ իբրեւ երեւանեան թղթակից: Աւելի ուշ ղեկավարած է Հայաստանի մամուլի ուսումնասիրութեան խնդիրներով զբաղող «խումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը: 1998 թուականէն գլխաւորած է «Համագործակցութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը: 2003-ին բնակութիւն հաստատած է Լոնտոն, ուր եւ աշխատած է նախ Պատերազմի ու խաղաղութեան լուսաբանման ուսումնարանին մէջ (IWPR), իսկ յետոյ BBC հեռուստառատիօ ընկերութեան մէջ:
Մարք Գրիգոորեան նաեւ Լրատուամիջոցներու կովկասեան ուսումնարանի ներկայ «Կովկաս» ուսումնարանի համահիմնադիրներէն է: