Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է Լիբանանահայ Գործարարներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան մարտ 21-ին Պէյրութի մէջ մասնակցած է ԱՌԻ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած լիբանանահայ գործարար շրջանակներու հետ հանդիպման:
Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալ յանձնած է ԱՌԻ կազմակերպութեան:
Նախագահը նշած է մեր երկրի զարգացման գործին մէջ լիբանանահայ գործարար ներուժի ներգրաւուածութեան պահանջուած ըլլալը` համոզմունք յայտնելով, որ այն հետեւողականօրէն կ’ընդլայնուի: