Նկարչական Մրցոյթ` Միսլատայի Հայկական Դպրոցին ՄԷջ

Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքի «Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ` Միսլատայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ «Գարուն» խորագիրը կրող նկարչական մրցոյթ կազմակերպուած էր, որուն կը մասնակցէին 3-էն 12 տարեկան աշակերտները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան:
Կրթօճախի սաները, մեծ ոգեւորութեամբ արձագանքելով ուսուցիչներու առաջադրանքին, կտաւին յանձնած են բնութեան զարթօնքը խորհրդանշող տարուայ եղանակի գոյները, որոնք, ըստ իրենց, աւելի գունեղ են Հայաստանի մէջ, քան Սպանիոյ:
Նկարչական մրցոյթի յաղթող ճանչցուած է տասներկու ամեայ Անժէլա Դալլաքեան, իսկ երկրորդ եւ երրորդ տեղերը կիսած են իննամեայ Դաւիթ Գրիգորեանը եւ ութամեայ Իզապելլա Մանուկեանը:
Յաղթողները, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցները, ստացան պատուոգիրներ եւ այլ նուէրներ: