Տեղի Կ’ունենայ Թորոս Թորանեանի Ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի գրողներու միութիւնը սիրով կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, բժիշկ Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի կ’ունենայ ս.թ. մարտ 27-ին` ժամը` 14:00-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան մեծ դահլիճին մէջ: Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս կու գան ՀԳՄ նախագահ, բանաստեղծ Էտվարտ Միլիտոնեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան, գրականագէտ, Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ՀԳՄ քարտուղար, գրականագէտ Պետրոս Դէմիրճեան, բանաստեղծ Արեւշատ Աւագեան, ինչպէս նաեւ արձակագիրներ Մարգար Շարապխանեան, Սէյրանուհի Գեղամեան, Գրիգոր Ջանիկեան եւ Ալիս Յովհաննիսեան:

Թորոս Թորանեանի բանաստեղծութիւններէն պիտի կարդայ Ամիրան Գալստեան, իսկ երաժշտական համարներով հանդէս պիտի գայ ՀՀ գուսանական եւ ժողովրդական երգի պետական անսամպլի մեներգիչ Արսէն Համբարեան:

Մուտքն ազատ է:

Scroll Up