Արժանթինի Մէջ Համալսարանները Չեղեալ Յայտարարած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Համաժողովները

Պելկրանօ եւ Արժանթինի արեւմտեան ազգային համալսարանները չեղեալ յայտարարած են «1915 թուական. օսմանեան կայսրութեան ամենաերկար տարին» թեմայով համաժողովը, որ կը մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Համաժողովը պէտք տեղի ունենար Անգարայի համալսարանի հետ համատեղ, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով Agencia Prensa Armenia-ն:
Համաժողովի յայտարարութենէն ետք հայ համայնքի բոլոր երիտասարդական կազմակերպութիւնները յայտարարած են, որ «նման ձեռնարկնրը անընդունելի են ակադեմիական միջավայրի մէջ, յատկապէս Արժանթինի մէջ, որ մարդու իրաւունքներու ոլորտի մէջ առաջատար երկիր է եւ առաջին երկիրներէն մէկն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Արժանթինի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Նիքոլա Սապունկուեան նամակ յղած է համաժողովի կազմակերպիչներուն` նշելով, որ համաժողովի անուանման մէջ նշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան սկզբի տարեթիւը, սակայն մարդկութեան դէմ կատարուած այս յանցագործութեան մասին չի նշուիր: Համաժողովը կը նախատեսուէր Անգարայի համալսարանի հետ համատեղ, որ կը համարուի թրքական կրթական համակարգի մէկ մասը եւ կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան մէկ մասը:
Յիշեցնելով, որ համաժողովները տեղի ունեցած են Չիլիի, Քոլումպիայի եւ Փարակուայի, Էքուատորի եւ Տոմինիքեան հանրապետութեան համարլսարաններու մէջ, ան ընդգծած է, որ իրականացուած բոլոր համաժողովները ժխտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: