Վրաստանի ՄԷջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպում Ունեցած Է Նինոծմինտայի Հայ Համայնքին Հետ

Սամցխէ-Ջաւախք կատարած այցի երրորդ օրը` մարտի 21-ին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան հանդիպում ունեցած է Նինոծմինտայի հայ համայնքին հետ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութենէն` աւելցնելով. «Հանդիպումն անցաւ հարցուպատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին հնչեցին հայ համայնքին հետաքրքրող բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերէին գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, շրջանի ընկերային-տնտեսական հարցերուն:
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանն, անդրադառնալով ջաւախահայութեան շրջանին վրացերէնի ուսումնառութեան մակարդակին, կոչ ըրաւ, որպէսզի հայ համայնքը մեծ ուշադրութիւն յատկացնէ վրացական լեզուի ուսուցման, քանի որ ատիկա առանձնակի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Ներկաներէն մէկուն կը հետաքրքրէր հայ-վրացական ներկայիս յարաբերութիւններու մակարդակը, որուն ի պատասխան Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանը նշեց, որ ատոնք աննախադէպ բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին, որուն մէջ մեծ դեր կը խաղան նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի բարձրագոյն իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ անձնական շատ ջերմ յարաբերութիւնները, որ եւս իր արտացոլումը կը գտնէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ: Այս ծիրէն ներս դեսպան Սադոյեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Վրաստանի ներկայիս իշխանութիւններուն, որ Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանի հայ բնակչութեան համար կը ստեղծէ նման բարւոք պայմաններ եւ անոնց խնդիրները կը պահէ մշտական ուշադրութեան կեդրոնին մէջ»: