Այս Յուշակոթողը Անկախ Պետականութեան Խորհրդանիշն Է. Հարցազրոյց` Ալեքքօ Պէզիքեանին Հետ Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Յուշակոթողին Կանգնեցման Առիթով

Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագիրները Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2018-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով, հանդիպում-զրոյց մը ունեցան ազգային բարերար, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հոգաբարձութեան նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին Ալեքքօ Պէզիքեանը եւ հայկական երեք օրաթերթերու խմբագիրները խօսեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողի մտայղացման, խորհրդանիշին եւ երիտասարդութեան դերին մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղի ունեցած զրոյցին ընդհանուր պատկերը:
Ալեքքօ Պէզիքեան խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան մասին` ըսաւ, որ եկած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յիշատակը տօնելու: Մենք 100 տարի առաջ ժողովրդավար հանրապետութիւն մը ունեցած ենք, մինչ եւրոպական շատ երկիրներ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ունեցած են իրենց ազատ հանրապետութիւնները: Մեր ղեկավարները անցեալին մեծ գործ տարած են հանրապետութեան հիմնադրման գործին մէջ: Մեր սերունդը մեծցած է մայիս 28-ի յիշատակով եւ անոր խորհուրդներով. մեզի այնպէս դաստիարակած են, որ մենք հանրապետութիւն ունեցած ժողովուրդ ենք, որ պատմական պայմաններու բերումով դադրած է` Խորհրդային Միութեան մաս կազմելով:
Ինչ կը վերաբերի յուշակոթողի մտայղացման, Ալեքքօ Պէզիքեանը ըսաւ. «Մեծ հաւատք ունիմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վրայ: Հոգեւոր դաստիարակս երջանկայիշատակն Զարեհ Ա. կաթողիկոսը եղած է: Ուրեմն Արամ Ա. վեհափառին հետ կը խօսէինք, որ մայիս 28-ի առիթով Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպուած են, եւ այդ առիթով սփիւռքահայեր եւս Հայաստան պիտի մեկնին. ես դիտել տուի, որ մայիս 28-ը սփիւռքի մէջ ալ պէտք է նշուի: Մենք Լիբանանի մէջ մայիս 28-ի շունչով մեծցած ենք: Քանի մը ամիս ետք իմացայ, որ մայիս 28-ի տօնակատարութեան համար յանձնախումբ մը ոտքի հանած է վեհափառ հայրապետը: Ուրախացայ: Վեհափառը յուշակոթողի քանի մը նկարներ ցոյց տուաւ մեզի, որոնցմէ զատեցինք հիմակուան տարբերակը»:
Ալեքքօ Պէզիքեանը ըսաւ, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէկ կողմը կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մատուռը, որուն վերակառուցումը Պէզիքեան ընտանիքին նախաձեռնութիւնն էր, իսկ միւս կողմը ներկայիս կը գտնուի հայոց պետականութեան, հայրենիքի խորհուրդը խորհրդանշող յուշակոթողը, որուն երեք սիւները մէկ կողմէ նուիրուած են Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի երեք հերոսամարտերուն, միւս կողմէ` կը խորհրդանշեն Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Երեք սիւներուն մէջտեղը տեղադրուած է ամբողջական Հայաստանը` ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սեւրի Հայաստանը, Նախիջեւանը եւ Ջաւախքը: Յուշակոթողի ձախ կողմը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը:
Խօսելով երիտասարդութեան դերին մասին Ա. Պէզիքեան ըսաւ. «Կը տեսնեմ, որ այսօր Լիբանանի մէջ երիտասարդական լաւ շարժում կայ: Այն երիտասարդութիւնը, որ առատութեան եւ ոչ հայկական պայմաններու մէջ մեծցած է, ո՛չ կրօնի հետ գործ ունի, ո՛չ ազգայնականութեան հետ եւ ո՛չ ալ հաւաքական գործի մէջ կը մտնէ: Համեստ ընտանիքի, միջակ դասակարգի երիտասարդութիւնն է, որ կ՛աշխատի: Կը ցաւիմ ասոր համար: Կը քաջալերեմ այն երիտասարդութիւնը, որ եկեղեցիին մօտ է, ազգային գործերուն մօտ է: Հաւատքը հիմքն է մարդու ապրելակերպին: Պէտք է մղենք երիտասարդը, որ հաւատքով մեծնայ: Պէտք է քաջալերել երիտասարդները: Երիտասարդութեան համար շատ կարեւոր է այսօրուան հայրենիքին հետ կապը»:
Եթէ երիտասարդները իրենց իրողութեան հետ հաշտուին, ընդունին իրենց իրավիճակը եւ ձգտում ունենան, վստահ եմ, որ կը յաջողին: Եթէ չփորձեն, չեն յաջողիր: Հիմնական է չյուսահատիլը. յարատեւութիւնը պէտք չէ դադրի: Ան, որ չի գոհանար իր վիճակով, չի յաջողիր: Երբ գոհ կ՛ըլլաս իրավիճակէդ, վստահ, հանդարտ, խաղաղ ու գոհունակ կ՛ըլլաս: Երիտասարդը պէտք է համեստ ըլլայ:
Այս յուշակոթողը սփիւռքահայ երիտասարդութեան կը հասցնէ ուղերձը` կապը մնայուն պահելու հայոց պետականութեան հետ: Անիկա եւս պետականութեան խորհրդանիշ է:
«Ազդակ»