ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեակին Նուիրուած Սկաուտական Ցուցահանդէս Հալէպի Մէջ
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ՝ Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին տեղի ունեցաւ սկաուտական ցուցահանդէս 4,5,6,7 Մարտ 2018-ին Արամ Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:
Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւԿիրակի 4 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Արմէն Սարգիսեանին: Հանդիսութեան ներկայ էին հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը:
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսք ներկայացուց Ցուցահանդէսի յանձնախումբի ատենապետ՝ քոյր Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան:Ան նշեց թէ Նոյեմբեր 2017-էն ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ընթացք տուած 100- ամեակի նուիրուած 38 ձեռնարկներէն սկաուտական այս ցուցահանդէսը, որ իրագործուեցաւ սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար յառաջացած յանձնախումբի անդամներուն ջանքերով կու գայ փաստելու հաւատքը ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութեան նկատմամբ, հաւատարիմ մնալով սրբազան ուխտին ու «Միշտ Պատրաստ» կարգախօսին, քաջ գիտակցելով, որ մեր ազգի վերանորոգման նախապայմանն ու երաշխիքը հայ մարդու վերանորոգումն է։ Վերանորոգումով կը վերահաստատենք սուրիահայութեան գոյերթը, շարունակելու հաստատակամութիւնը սուրիական հայրենիքին եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ։
Աւելցնելով ան ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ը կառոյցէն անդին ապրում է, գործելու կամք ու մեր ժողովուրդին առօրեան իմաստաւորող իրականութիւն»։ Ան մեծ հպարտութեամբ ողջունեց պատկառելի Միութեան յոբելեանը, համագաղութային կառոյցի ռահվիրաները, սիրելի ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի հայ երիտասարդութիւնը, որոնք պիտի ընթանան նախնիներու նուիրական ուղիով ու պիտի պատրաստեն հայութեան ու հայրենիքին համար ազգասէր, հայրենատենչ եւ անկախութեան արժէքին գիտակից երիտասարդներու բանակ մը եւ պիտի շքեղացնեն սաղարթախիտ ՀՄԸՄ-ի ծառը ազգային մեծ անտառին մէջ ամենապարզ ու գործնական միջոցներով:
Ցուցահանդէսի կարեւոր մէկ բաժինը կը ներկայացնէր Սուրիոյ տագնապին նահատակուող քոյրերու եւ եղբայրներու լուսանկարներն ու իրերը, որոնց կեդրոնը ներկայացուած էր հիմնադիր սերունդէն նահատակ Շաւարշ Քրիսեանի լուսանկարը: Ցուցահանդէսը ընդհանուր բանակումի պատկերը կը ներկայացնէր մուտքին տեղադրուած սկաուտական դուռէն սկսեալ: Ճակատը կը գտնուէր սկաուտը պատկերող հսկայ կայմը, որուն մէկ կողմը լարուած էր սկաուտական վրանը իր իրերով, սկաուտական պատգարակներով եւ հետախուզական նշաններով: Կայմի միւս կողմը ցուցադրուած էր Սուրիոյ սկաուտական ֆետերասիոնի 7-րդ եւ 8-րդ վաշտերու պետական փաստաթուղթեր ու գնահատագիրներ: Տաղաւարները կ’ընդգրկէին նաեւ պատմական լուսանկարներ, յուշանուէրներ, սկաուտական վկայականներ, փոքր կայմեր, գայլ-արծուիկներու տարազներ եւ սկաուտական իրեր, պէճեր, պարաններ եւ սկաուտական հրատարակութիւններ:
Սրահը զարդարուած էր սկաուտական պաստառներով եւ սկաուտին ջանասիրութիւնը ցոլացնող ձեռային աշխատանքներով: Ներկաները շրջեցան ցուցահանդէսի տաղաւարները եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ՀՄԸՄ-ական իրենց յուշերը թարմացուցին:
Հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Սրբազան Հայրը մեծ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ ողջունեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը, որ կը զուգադիպի նախախնամական թուականի մը՝ 1918 Մայիս 28-ին, երբ մեր ժողովուրդը ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն ապրելու հայրենի պետականութիւն կերտեց:
Սրբազան Հայրը 100-ամեակի այս ցուցահանդէսը շատ կարեւորեց, նշելով «Սովորական ու հապճեպով հանրութեան ներկայացուած ցուցահանդէս մը չէ ասիկա, այլ սրահին մէջ ցուցադրուած կը տեսնենք այն բծախնդրութիւնը, այն աշխատանքի ոգին եւ դասաւորման եղանակը, որոնք կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի նկարագիրը: Ան ՀՄԸՄ-ի դպրոցին եւ անոր կարգ ու կանոնին մէջէն դէպի հայութեան ազգային, եկեղեցական, ընկերային հաւաքական ծառայութեան գացող մեծ Միութեան»ան եզրաբակելով ըսաւ՝« Յառա’ջ, նահատակ ցեղի անմահներ»:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Սուրիոյ տագնապի օրերուն ունեցանք նահատակ զոհեր եւ մեր կառոյցները իրենց ծառայութեան դաշտէն դուրս համեստ վայրերու մէջ ամփոփուեցան, բայց ՀՄԸՄ-ը շարունակեց իր երթը, իր հաւատացած սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ շարունակեց իր դաստիարակչական հրաշալի ծառայութիւնը եւ արդարօրէն համահայկական առումով 100- ամեակին մէջ կարենալ Սուրիոյ ձայնը լսելի դարձնելը եւ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ներկայութիւնը ապացոյց մըն է մեր յաջողութեան եւ յաղթանակներէն մէկը կը համարուի:
Խօսքի աւարտին ան 100-ամեակի մեծագոյն գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները ուղղեց բոլոր այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք ծառայեցին եւ անցան, կը ծառայեն այսօր եւ պիտի գան նոյն այս երթին մէջ ծառայելու:
Հանդիսութեան աւարտին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին նուիրեց 100-ամեակի յուշանուէրը:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր տպաւորութիւններն ու մաղթանքները արձանագրեց ՀՄԸՄ-ի յուշամատեանին մէջ:
Չորս օրերու ընթացքին ցուցահանդէսին այցելեցին հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու աշակերտներ եւ Սուրիոյ սկաուտական ֆետերասիոնի վաշտապետներ:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վրչթ.
Մամուլի Յանձնախումբ