Հայկական Կօշիկը Հասաւ Մոսկուա

Հայ արտադրողները մոսկովեան միջազգային ցուցահանդէսին կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը եւ գործարար կապեր հաստատելու հնարաւորութիւն կ’ունենան:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ մեր երկրի 8 ձեռնարկութիւն աշխարհի աւելի քան 1000 ապրանքանիշներու շարքին մէջ մարտ 13-16 Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի «Mosshoes 2018» կօշիկի եւ կաշուէ աքսեսուարներու մասնագիտացուած ցուցահանդէսին: Այս մասին կը յայտնէ հիմնադրամի մամուլի ծառայութիւնը:

«Mosshoes» միջազգային ցուցահանդէսն այս տարի 75-րդ անգամ համախմբած է արտադրողներ աշխարհի 30 երկրէ, կը սպասուի աւելի քան 15 000 միջին եւ խոշոր գնորդներու, մատակարարներու այցելութիւն:

Միասնական տաղաւարի մէջ հայկական ընկերութիւնները միջազգային գնորդներուն կը ներկայացնեն բնական եւ փոխարինող կաշուէ կօշիկներ, պայուսակներ, աքսեսուարներ եւ այլ արտադրատեսակներ:

Նախորդ տարի գարնան եւ աշնան կայացած «Mosshoes» էքսպոներու արդիւնքով հայկական 18 ընկերութիւն կնքած են շուրջ 682 միլիոն դրամի արտահանման պայմանագիրներ:

««Mosshoes»-ը Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաշուէ իրերու խոշորագոյն ցուցահանդէսներէն է: 4 օր հայ արտադրողները հնարաւորութիւն ունին ներկայացնելու, բանակցելու տասնեակ մատակարարներու հետ, պայմանագիրներ կնքելու, գործարար կապեր հաստատելու, հետեւելու միջազգային միտումներուն եւ, որպէս արդիւնք, աւելցնելու արտահանման ծաւալները»,- նշած է ՀԶՀ Միջազգային համագործակցութեան խումբի ղեկավար Նարեկ Ալեքսանեան:

Ցուցահանդէսին այս տարի ներկայացուած են «Սիմոնա», «Բաբիննի», «Կ&Կ շուզ», «Էլկաէռ», «Լունա», «Էլմա», «Կրիստի» եւ «Բեբետա» ապրանքանիշները:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը միջազգային էքսպոյին հայկական ընկերութիւններու մասնակցութեան աջակցած է արտահանման խթանման ՀՀ կառավարութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ:

 

 

Scroll Up