Ամերիկեան Հեռուստատեսային Խոշոր Ցանցը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Շարժանկար Մը Պիտի Ցուցադրէ

Հայերու ցեղասպանութեան մասին աւելի շատ ամերիկացիներ պիտի իմանան. ամերիկեան Starz հեռուստատեսային ցանցը գնած է Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ոչնչացնելու մտադրութիւն» վաւերագրական շարժանկարը, եւ յառաջիկային այն կը ցուցադրուի հեռուստապաստառներուն:
«Ոչնչացնելու մտադրութիւն» վաւերագրական շարժանկարը, որ նկարահանած է բերամդրիչ Ճոյ Պերլինկերը եւ որ կը պատմէ հայերու ցեղասպանութեան մասին, կը ցուցադրուի ամերիկեան Starz հեռուստատեսային ցանցի ալիքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հոլիւուտի Deаdline Reports լրատուական կայքը:
Starz-ի գնումներու բաժինի ղեկավար Պրետ Մարոտոլիի խօսքով` ընկերութիւնը փաստավաւերագրական շարժանկարներ ձեռք բերած է, որոնք բացի այն, որ կը համապատասխանեն իրենց ընկերութեան ռազմավարութեան, նաեւ հետաքրքիր թեմաներ, սադրիչ հակամարտութիւններ եւ իրական պատմութիւններ կը ներկայացնեն:
Լիամեթրաժ վաւերագրական շարժանկարը, որ հիմնուած է Թերի Ճորճի «Խոստում» շարժանկարի հետազօտութիւններու հիման վրայ եւ ուղղուած է հայերու Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան արշաւին դէմ, մեծ պաստառ բարձրացած է նախորդ տարուան նոյեմբեր 10-ին Նիւ Եորքի մէջ, իսկ 2017թ. հոկտեմբերին այն յաղթած է Լոս Անճելըսի ֆիլմի փառատօնին` «Լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ» անուանակարգին մէջ:
Շարժանկարը, որուն արտադրողներու կազմին մէջ ընդգրկուած են Պերլինկերը, Էրիկ Էսրայիլեան եւ Չիփ Ռոզէնբլումը, կը պատկերէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ մէկ դար շարունակուող ժխտողականութեան արշաւները:
Անոր մէջ նկարահանուած են Ատոմ Էգոյեանը, Քրիստիան Պէյլը, Մայք Մեդաւոյը, Էրիկ Պօղոսեանը, Սերժ Թանկեանը, Անժէլա Սառաֆեանը, Շորէ Աղդաշլուն եւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էւանսը: