ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն Հանդիպում Մը Ունեցած Է ՀՀ Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի Հետ

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, Շաբաջ 10 Մարտ 2018-ին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Օթթաուայի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Լեւոն Մարտիրոսեանի հետ։ Ինչպէս կը յայտնէ «Հորինզոն» շաբաթաթերթը:
Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպան Մարտիրոսեանի հետ քննարկեց Գանատայի հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու հոլովոյթը, Արցախեան հիմնահարցը, Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100 Ամեակին նուիրուած միջոցարումները: