Միջինք եւ Տիկնանց Տօն

Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Միջինքի առիթով ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ին յետմիջօրէին ժամը 15:00-ին Շարժայի «Ewan» Պանդոկի «Bassma» սրահէն ներս:
Ձեռնարկին իբր պատուոյ հիւր կը նախագահէր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ձեռնարկին մասնակցեցան աւելի քան 110 տիկիններ եւ օրիորդներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Տիկ. Թամար Պետրճիկեան, ան անդրադարձաւ Միջինքի նշանակութեան որ կը զուգադիպէր Միջազգային Կանանց տօնին հետ՝ Մարտ 8-ին: Ան յանձնախումբի անունով ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստի խօսքերէն յետոյ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Միջազգային Կանանց տօնին առիթով, մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայ տիկնոջ նուիրական դերակատարութեան, եւ ներկայացուց անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ նուաճած յաղթանակները:
Հայր Սուրբի օրհնութեան խօսքէն եւ պատգամէն անմիջապէս յետոյ, օրուայ երգիչ՝ Ռաֆֆի Հալէպլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Աւոյին փունջ մը աշխուժ երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Դադարին հարսնցուները հրաւիրուեցան բեմ խաղ մը կատարեելու իրենց միջեւ, որմէ ետք Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէն իբր գնահատանք նուէրներ բաշխուեցան իւրաքանչիւրին, որմէ ետք Ռաֆֆի Հալէպլեան շարունակեց աշխուժ երգերով զուարճալի մթնոլորտը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ զատուեցաւ օրուայ բախտաւոր տիկինը:
Տիկնանց յանձնախումբը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն անհատներուն եւ հաստատութիւններուն որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ նուիրատուութիւններով յաջողցուցին 2018-ի Միջինքի ձեռնարկը: