Լիոնի Քաղաքապետ Ճորճ Քեփենէկեան Այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Պաշտօնական այցով Մարտ 3-8 Երեւան գտնուող Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի քաղաքապետ Ճորճ Քեփենէկեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանի, ինչպէս նաեւ Երեւանի աւագանիի անդամներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, յուշակոթողի խորհրդանշական իմաստը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Գէորգ Վարդանեան:

Լիոնի քաղաքապետը ծաղկեպսակ դրաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին, պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացան ցուցադրութեան: Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենէկեան գրառում կատարեց թանգարանի Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Լիոնի քաղաքապետը նաեւ եղեւնի տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ:

Scroll Up