Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Մարտ 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իրականացուց խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութեան մասնակիցները զեկուցեցին շաբթուան ընթացքին կատարած աշխատանքներու, յառաջիկայ ընելիքներու ու ձեռնարկներու մասին:

Նախարարը կարեւոր համարեց  «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի, համահայկական երիտասարդական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ու յայտերու ընդունման գործընթացի պատշաճ կազմակերպումը, հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքահայ ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներն ու պարբերաբար հանդիպումները, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Գեպենէկեանի  գլխաւորած պատուիրակութեան` Սփիւռքի նախարարութիւն այցի կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը:

 

Scroll Up