Տաթեւիկ Յովհաննիսեանը Համերգ Կու տայ Մոսկուայի ՄԷջ

Յունիս 2-ին Մոսկուայի մէջ համերգով հանդէս կու գայ յայտնի ամերիկահայ երգչուհի Տաթեւիկ Յովհաննիսեան: Ծրագիրին մէջ, որ ան պիտի ներկայացնէ իր նիւեորքեան խումբին հետ, կը հնչեն մեծ երգահաններ Կերշուինի, Ժոբիմի, Էլինգթօնի ճազային ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի մշակած հայկական ժողովրդական մեղեդիները երգչուհիի հեղինակային գործիքաւորմամբ, կը յայտնէ essemusic.ru-ն:
Համերգը տեղի կ’ունենայ Մոսկուայի Երաժշտութեան միջազգային տան մէջ: Ասիկա երգչուհիին 2-րդ մեծ համերգն է Մոսկուայի մէջ վերջին 15 տարուան ընթացքին:
«Էլլան Երեւանից» կամ «Խորհրդային Միութեան լէտի Ճազը»` այսպէս կ’անուանէին Տաթեւիկ Յովհաննիսեանին, որ յայտնուեցաւ ճազի ասպարէզին մէջ 1980-ականներու վերջը: Անոր յայտնուիլը տպաւորիչ էր ոչ միայն ԽՍՀՄ երաժիշտներուն եւ հանդիսատեսին համար: Շուտով ան իւրային դարձաւ նաեւ ճազի հայրենիքին` ԱՄՆ-ի մէջ, ուր, ըստ Յովհաննիսեանի, «Ճազ երաժիշտ ըլլալն արդէն մարտահրաւէր է»: Սակայն Տաթեւիկը պատուով ընդունեց այդ մարտահրաւէրն ու ապացուցեց, որ այդ խնդիրն իրագործելի է:
Տաթեւիկ Յովհաննիսեան հանդէս եկած է համաշխարհային ճազի հսկաներու` Մայլս Տեւիսի, Ռէյ Չարլզի, Օսկար Փիթերսոնի, Պեթթի Քարթերի եւ Քարմեն Մաքրայի հետ: Տաթեւիկ Յովհաննիսեան յաջողած է նաեւ վարպետօրէն օգտագործելու հայկական մեղեդիներն իր երգերուն եւ ելոյթներուն մէջ: Listen To My Heart ալպոմին մէջ, որ ան ձայնագրած է Sony Classical-ի մէջ հողինակաւոր արտադրող Ճորճ Աւագեանի ղեկավարութեամբ, Տաթեւիկը կը կատարէ հայկական ժողովրդական մեղեդիներու ճազային տարբերակները: