Երգչուհի Շերը Հայերէնով Ողջունած Է Նոր Հարաւային Ուելսի Վարչապետ Կլէտիս Պերեճիքլեանը.The Australian

Հանրայայտ երգչուհի, դերասանուհի Շերը (Շերիլին Սարգսեան) հայերէնով ողջունած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլէտիս Պերեճիքլեանը Սիտնիի մէջ իրականացուող «Մարդի Գրա» ամէնամեայ ԼԳԲՏ համայնքի փառատօնի ժամանակ: Այդ մասին կը յայտնէ The Australian-ը:

Ամերիկահայ աստղը հայերէնով հարցուցած է Նոր Հարաւային Ուելսի վարչապետին «Ինչպէ՞ս ես», երբ անոնք հանդիպած են փառատօնի ժամանակ: լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` վարչապետը եւ Շերը մօտ 10 վայրկեան տեւողութեամբ զրոյց  ունեցած են:

Նշենք, որ Պերեճիքլեան ծնած է Սիտնի` հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ:

 

Scroll Up