Անցած Շաբաթ Ատրպէյճանը Շփման Գիծին Վրայ Հրադադարի Կարգը Խախտած Է Շուրջ 250 Անգամ
Փետրուար 25-էն մարտ 3 ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հակառակորդը հրադադարի պահպանման կարգը խախտած է աւելի քան 250 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 3000 կրակոց:
Ինչպէս տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն, ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն առաջնագիծին վևայ մնալ թելադրողի դերի մէջ եւ իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: