Ստեփանակերտի ՄԷջ Բացուած «Գիրքի Բանկ-Նուիրատուութիւն» Ծրագիրով Հաւաքագրուած Է Շուրջ 1500 Գիրք

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ աւարտին հասած է փետրուարի 19-էն Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մեկնարկած «Գիրքի բանկ-նուիրատուութիւն» ծրագիրը:
Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Արցախի երիտասարդական միութեան վարիչ մարմնի անդամ Տաթեւ Աղաջանեան ըսած է, որ ծրագիրի ծիրէն ներս հաւաքագրուած է գեղարուեստական, գիտական, մանկական եւ նոր հրատարակուած շուրջ 1500 գիրք:
«Հաւաքագրուած ողջ գիրքերն այսօր մենք կը յանձնենք Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիք համայնքի գրադարանին: Այս ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: Մենք պիտի փորձենք օգնել Արցախի այն համայնքներուն, ուր գիրքերու կարիք կայ»,-նշած է Տ. Աղաջանեան: