Հ.Բ.Ը.Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան, Առողջ Սննդականոն

Երկուշաբթի, 26 Փետրուարին Վարժարանիս Թ. կարգի աշակերտները իրենց կենսաբանութեան դասատուին ընկերակցութեամբ այցելեցին Գարակէօզեան հաստատութիւնը, ուր հանդիպում մը ունեցան սննդականոնի մասնագէտ օրիորդ Հուրի Պապահէքեան հետ: Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը յայտնեն Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն:
Օրիորդ Հուրին աշակերտներուն նախ բացատրեց սննդական լաւ սովորութիւններու ձեռքբերման մասին, զանազան տեսակի ուտելիքներ սպառելով եւ նուազացնելով շաքարի ու ճարպի քանակը:
Յատուկ գործիքով քննեց իւրաքանչիւր աշակերտի մարմինին մէջ գտնուող ջուրի եւ ճարպի քանակը, ապա չափեց անոնց հասակն ու կշիռքը:
Համոզիչ լուսաբանութիւններով անոնց փոխանցեց, թէ կարգ մը վնասակար ուտելիքներէ խուսափիլը առաջքը կ’առնէ շատ մը հիւանդութիւններու: