Թուլուզի ՄԷջ Ոգեկոչուած Է Միսաք Մանուշեանի Եւ Անոր Գլխաւորած Խումբի Յիշատակը

Փետրուար 22-ին Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ արարողութիւն` ի յիշատակ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, հականազիստ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս  Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կողմէ ղեկավարուած`23 մարտիկներէ բաղկացած խմբաւորման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն  Թուլուզի «Մեսրոպ Մաշտոց» դպրոցէն:

Այն բաւականին  բազմազգ էր, որուն մէջ բաւականին շատ հրեաներ կային: Միսաք Մանուշեան եւ անոր խումբի անդամները մահապատժի ենթարկուեցան նազիստներուն կողմէ 1944 թ. փետրուար 21-ին` Ֆորտ Մոն-Վալերիէնի մէջ:

Արարողութիւնը կազմակերպուած էր  «Արակրա» ` Ֆրանսայի Միդի-Փիրենէ մարզի Հայ Ազատամարտիկներէ եւ Դիմադրողներէ բաղկացած Կազմակերպութեան կողմէ, որուն կազմակերպման հարցին մէջ մեծ դեր կատարած էր տարածաշրջանի պետը Պարոն Փասքալ Մայոսը , Թուլուզի քաղաքապետ` Ժան-Լիւք Մուտենկը եւ վերջինիս տեղակալ` Ժան-Պատիստ Տը Սկորայը:

Արարողութեան ներկայ էր  «Նախկին Ազատամարտիկներու Դիմադրութեան Կոմիտէ»-ի նախագահը, ինչպէս նաեւ, շարք մը այլ կազմակերպոթիւններ , որոնք կը գլխաւորուէին նախկին ազատամարտիկներուն կողմէ, եւ, որպէս յարգանքի նշան, ներկայացած էին իրենց դրօշակակիրներով: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ, տեղի հրեայ համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին յարգելու  նշանաւոր «Կարմիր պլակատ»-ի հերոսներու յիշատակը:

Արարողութեան հանդիսաւոր բացումը կատարեց Պարոն Ֆերնանդ Թորոսեան ` «Արակրա» կազմակերպոթեան եւ Միդի -Փիրենէ մարզի `  Ֆրանս-հայկական կազմակերպութեան նախագահը, որուն յաջորդեց Պարոն ժերար Ֆուրէ-Լապրոի ելոյթը, որ կը հանդիսանայ «Նախկին Ազատամարտիկներու Դիմադրութեան Կոմիտէի» նախագահը: Մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ զոհուածներու յիշատակը. այնուհետեւ, նախկին Գէստապոյի  նստավայրին դիմաց ` Ֆրեդերիկ Միստրալի արահետներով վեր խոյացող  «Դիմադրութեան Յուշարձան»-ին առջեւ վայր դրուեցաւ  դրօշը, որ ազադարարեց արարողութեան աւարտը:

 

 

Scroll Up