ՀՄԸՄ Հիմնադրման 100-ամեակին Ընդառաջ Տեղի Կ’ունենայ Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստ

Մարտ 2-ին, ժամը` 14:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումները կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 8-րդ յարկ):

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ելոյթ կ’ունենան ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան,  «Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան:

Կը ներկայացուին զեկուցումներ ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու, ՀՄԸՄ մէկդարեայ գործունէութեան նուիրուած գիտաժողովի կազմակերպման, ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի թողարկման,Գիւմրիի մէջ ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու վերաբերեալ:

 

 

Scroll Up