Պէյրութի Մէջ Ոգեկոչած Են Սումգայիթի ՄԷջ Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 30-րդ Տարելիցը

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան  մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան մասնակցած է Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած` Սումգայիթի հայ բնակչութեան ջարդերու 30-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան:  Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ձեռնարկին ներկայ  եղած են Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ Լիբանանի հայ համայնքի եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները:

Այնուհետեւ ձեռնարկի մասնակիցները եկեղեցւոյ խաչքար-յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ  զետեղած են` ի յիշատակ սումգայիթեան ջարդերու զոհերուն:

 

Scroll Up