Նախագահ Միշէլ Աունի Հայաստան Կատարած Այցելութեան Առթիւ

Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի այցելութիւնը Հայաստան փրոթոքոլային (Արարողակարգային) ըլլալէ աւելի կ’ընդգրկէր աշխարհաքաղաքական բազմաթիւ պատգամներ: Լիբանան եւ Հայաստան , փոքրաթիւ բնակչութեամբ փոքր պետութիւններ, ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս կը գոյատեւեն շրջանային եւ մեծ պետութիւններու ախորժակներուն դէմ-յանդիման:
Միշէլ Աուն Լիբանանի այն նախագահներէն է, որ լիբանանահայութեան ընդմէջէն հարազատօրէն կը ճանչնայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, տառապանքները, Ցեղասպանութիւնը….: Հայ ժողովուրդի հանդէպ յարգանքի բացայայտ արտայայտութիւն է՝ անոր կուսակցութեան պատկան հեռատեսելի կայանէն հայերէն ամէնօրեայ հաղորդումներու սփռումը: Աունի գլխաւորած խորհրդարանական խմբաւորումի անդամները մնայուն ներկայութիւն են համահայկական տօնակատարութիւններուն, յիշատակի հանդիսութիւններուն:
Լիբանանի նախագահը Զուարթնոցի օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ՝ սուրբ Էջմիածին: Հայաստանի քաղաքական այրերը տեսնելէ առաջ՝ սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր պետին կատարած այցելութեամբ Աուն կ’արտայայտէր քրիստոնէական կրօնքի եւ եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատքը:
Միշէլ Աուն դարձաւ Ծիեռնակաբերդի յուշարձանը այցելող՝ Լիբանանի երկրորդ նախագահը: Ան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին առջեւ: Այցելեց Ցեղասպանութեան թանգարանը: Իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան հաւատացող Աունի համար հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները ունին հասարակաց միեւնոյն թշնամին …. Թուրքը: Աունի այցելութիւնը Հայաստան փրոթոքոլային չէր երբեք: Բաւական դիպուկ էին Երեւանի մէջ Օսմանեան Թուրքիոյ հասցէին նախագահ Աունի խօսքերը: Դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած կոտորածը, բռնագաղթը, հայ ժողովուրդը եւ անոր մշակոյթը ոչնչացնելու օսմանեան Թուրքիոյ նկրտումները՝ Լիբանանի նախագահը զուգահեռ մը կատարեց հայ ժողովուրդի դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովորդին դէմ նոյնինքն՝ ցեղասպանին վայրագութիւններուն:
Աուն, դատապարտելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, լրագրողներուն յիշեցուց, թէ այսօր՝ 21-րդ դարուն, ցեղասպան Թուրքիան, իսլամ արմատականութեան պատմուճան հագած Թուրքիան, ցեղային զտման կ’ենթարկէ Միջին Արեւելքի տարբեր ժողովուրդներ: Աուն միաժամանակ հաստատեց, որ, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտուելու պարագային, կանխուած պիտի ըլլային այլ ցեղասպանութիւններ:
Նախագահ Աուն շեշտեց Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնները սերտացնելու, տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու իր ցանկութիւնը՝ այս բոլորին մէջ շեշտելով լիբանանահայութեան հանդէպ իր յարգանքը:
Նախագահ Միշէլ Աունի քաղաքականութեան կարեւոր յատկանիշերէն մէկը շրջանային եւ միջազգային հարցերու հանդէպ անոր յստակատեսութիւնն է: Լիբանան դարձաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու Ուաշինկթընի որոշումը քննադատող արաբական առաջին պետութիւնը, երբ ուրիշներ սեղանի տակ համաձայնագիր կը կնքէին եբրայական պետութեան հետ: Բառախաղեր չունի Լիբանանի նախագահը, երբ կը խօսի Իսրայէլի մասին: Յստակ է անոր կեցուածքը Սուրիոյ հակամարտութեան առնչութեամբ: Այս ծիրին մէջ Լիբանանի եւ Հայաստանի նախագահներէն գրեթէ միեւնոյն տեսակէտը հնչեց, երբ խօսեցան Սուրիոյ պատերազմին եւ իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան զարգացումներուն մասին:
Բաւականին ուշագրաւ էր Արցախի հակամարտութեան նկատմամբ Լիբանանի նախագահին կեցուածքը: Հողի ազատագրութեան եւ ազգային գերիշխանութեան համար պայքարի լայն փորձ ապրած Լիբանանի նախագահը լաւ ըմբռնած է Արցախի ազատագրութեան պայքարը: Նախագահ Միշէլ Աուն առանց բառերը ծամծմելու, յստակօրէն զօրակցութիւն յայտնեց յարգելու՝ իր պատմական հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը:
Լիբանան եւ Հայաստան, երկու բարեկամ պետութիւններ, բարեկամ ժողովուրդներ բիւրաւոր նահատակներ տուած են հողի ազատագրութեան համար…: Հարաւային Լիբանանի որոշ տարածութիւններ կը մնան իսրայէլեան բռնատիրութեան տակ: Իսրայէլեան օդուժը գրեթէ ամէն օր կը բռնաբարէ Լիբանանի օդային սահմանները: Իսրայէլ ապօրէն պատեր կը հիւսէ Լիբանանի սահմանագիծին վրայ, իւրացնելով լիբանանեան տարածութիւններ: Նոյն Իսրայէլը կը փորձէ ձեռք դնել Լիբանանի ծովային հարստութիւններուն, Լիբանանի պատկանող նաւթին վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ մը կ’առաքէ Պէյրութ՝ միջնորդելու լիբանանեան կառավարութեան:
Հայաստան կը մնայ շրջափակուած… քաղաքատնտեսական այս դրութիւնը ազատազուրկ ժողովուրդներուն ինքնաբերաբար կը ստիպէ որոնել բնական դաշնակիցներ…:
Լիբանան եւ Հայաստան երկու փոքր պետութիւններու հարուստ փորձի տիրապետող աշխատասէր ժողովուրդներ: Անհրաժեշտ է օգտուիլ հեռանկար խոստացող այս ներուժէն: Ամրապնդել համագործակցութիւնը, քաջալերել նախաձեռնութիւնները, քայլեր որոնք հաւասարապէս փոխշահաւէտ պայմաններ պիտի ստեղծեն երկու պետութիւններու ժողովուրդներուն:
Ահարոն Շխրտըմեան