Լիբանանեան Մամուլը Եւ Լսատեսողական Լրատուամիջոցները Երկու Օր Կ՛անդրադառնան Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աունի Հայաստան Այցելութեան

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան մասին լիբանանեան օրաթերթերուն արձագանգը եղաւ ընդարձակ ու տպաւորիչ:
Հինգշաբթի 22 եւ ուրբաթ 23 փետրուարին լիբանանեան մամուլին մաս կազմող 11 օրաթերթեր լուսարձակի տակ առին նախագահ Աունի Հայաստան այցելութիւնը, Էջմիածին եւ Ծիծեռնակաբերդ անոր կատարած այցելութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն վրայ:
Այդ օրաթերթերն են` «Նահար», «Ժումհուրիա», «Տիար», «Մուսթաքպալ», «Հայաթ», «Պինա», «Շարք», «Սատա Պալատ», «Անուար», «Տէյլի Սթար», «Լ՛Օրիան լը ժուր», որոնց կողքին նաեւ` Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը:
Անկախ լիբանանեան մամուլին անդրադարձէն, լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանները իրենց կարգին անդրադարձան նախագահ Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան: Պետական պատկերասփիւռի կայանը` «Թելէ Լիպան», «Օ. Թի. Վի.», «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանները արդէն իսկ իրենց ներկայացուցիչ լրագրողներով ներկայ էին նախագահին ընկերակցող լրագրողներու պատուիրակութեան մէջ, իսկ «Էմ. Թի. Վի.», «Էն. Պի. Էն.» եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանները իրենց կարգին անդրադարձան նախագահ Աունի Հայաստան այցելութեան եւ հոն ունեցած անոր հանդիպումներուն:
Մամուլի եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողքին, ընկերային ցանցերուն լուր մատակարարող ե-լուրերու պատասխանատուներ նաեւ իրենց աշխատանքը տեղւոյն վրայ կատարեցին` իւրաքանչիւրը իր կայքը, Դիմատետրի, Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի էջերը զարդարելով նախագահ Աունի կատարած քաղաքական հանդիպումներուն, յայտարարութիւններուն եւ Էջիմածին ու Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցելութիւններուն նկարներով:
«ՆԱՀԱՐ»
Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան պահը անմահացուցած հսկայ լուսանկար մը տեղադրելով իր առաջին էջին վրայ` «Նահար» օրաթերթը խորագիրի վերածած է նախագահ Աունի արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Նոյն օրաթերթը ակնարկութիւն կատարած է նաեւ Երեւանի մէջ նախագահ Աունի եւ լիբանանահայութեան միջեւ կայացած հանդիպումին, որուն ընթացքին նախագահը յայտնած էր, որ լիբանանահայութիւնը մեծ ջանքեր ի գործ դրած է Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին բարգաւաճման ի խնդիր:
«Նահար» օրաթերթը ակնարկեց նաեւ լիբանանահայութեան ուղղած նախագահ Աունի կոչին, որ կը վերաբերէր երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ յաճախ Լիբանան այցելելու կարեւորութեան:
Նախագահ Աունի այցելութեան երկրորդ օրուան իրադարձութիւնները նկարագրելու շրջագիծին մէջ «Նահար» երկրորդ օրուան իր Ա. էջին վրայ տեղադրեց նախագահներ Աունի եւ Սարգսեանի նկարը` Երեւանի նախագահական պալատին մէջ պաշտօնական ընդունելութեան առիթով:
Իր լրատուութեան մէջ «Նահար» անդրադարձաւ լիբանանեան-հայկական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին եւ իր լուրին համար ընտրեց հետեւեալ խորագիրը. «Նախագահ Աունի այցելութիւնը Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան ամէն կարելիութիւնները առկայ դարձուց, իսկ Հայաստանի վարչապետը Պէյրութի մէջ պիտի ստորագրէ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնագիրներու գործադրութեան ծրագիրները»:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
«Ժումհուրիա» օրաթերթը, ընդարձակ լրատուութեան պարագային, հիմնական վերնագիրի վերածած է հանրապետութեան նախագահին կատարած մէկ այլ յայտարարութիւնը, այն մասին, որ լիբանանեան-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ ցանուած սերմերը իրենց պտուղները տուած են:
Նոյն օրաթերթը անդրադարձած է նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կատարած յայտարարութիւններուն եւ կեդրոնացած` Լիբանանի մէջ հայութեան բարօրութեան համար նախագահ Աունի ջանքերը դրուատելու անոր արտայայտութեան:
«Ժումհուրիա» անդրադարձած է նաեւ նախագահ Աունի Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայութեան հետ անոր հանդիպումին:
Երկրորդ օրուան իրադարձութիւններուն անդրադառնալով, «Ժումհուրիա» օրաթերթը նախագահներ Աունի եւ Սարգսեանի մամլոյ միացեալ ասուլիսէն ետք ձեռքսեղմումի լուսանկարը բաւական լայն կերպով հրատարակած է Ա. էջով, եւ այդ լուսանկարին վրայ արձանագրած է հետեւեալ գրութիւնը` «Տագնապներուն խաղաղ լուծումներ պէտք է բերել»:
Ներքին էջերուն մէջ զետեղուած լրատուութեամբ «Ժումհուրիա» խորագիրի վերածած է երկու նախագահներուն միջեւ վեհաժողովին ընթացքին շեշտուած կեցուածքը` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ շրջանային իմաստով պատերազմները կասեցնելու:
Նոյն օրաթերթը լուսարձակի տակ առած է նաեւ նախագահ Աունի պատուիրակութեան մաս կազմող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջեւ պիտի կազմուի նոր յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանեան-հայկական երկկողմանի յարաբերութիւններուն աշխուժացումը:
«ՏԻԱՐ»
«Տիար» օրաթերթը իր լրատուութիւնը լաւագոյն կերպով արտայայտող իբրեւ լուսանկար ընտրած է Էջմիածինի մէջ նախագահ Աունի մոմավառութեան լուսանկարը:
Լուրին համար օրաթերթին խմբագրութիւնը ընտրած է երկու խօսքեր, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի նախագահ Աունին, իսկ երկրորդը` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:
Նախագահ Աունի վերաբերող խօսքն է հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութեան հարցով պէտք է արդարութիւն պարտադրել», իսկ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին վերաբերող խօսքը նախագահ Աունին ուղղուած հետեւեալ արտայայտութիւնն է. «Կը գնահատենք ձեր ջանքերը` Լիբանանի մէջ հայութեան կենցաղային արժանապատիւ պայմաններ տրամադրելու համար»:
«Տիար» օրաթերթը առանձին անդրադարձած է նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ նախագահ Աունի կատարած գրառումին, որուն մէջ ան կը հաստատէր իրաւունքի յաղթանակին կարեւորութիւնը:
Նոյն օրաթերթը իր երկրորդ օրուան լրատուութեան մէջ կ՛անդրադառնայ շրջանին մէջ պատերազմները կասեցնելու զոյգ նախագահներուն շեշտադրումին, ինչպէս նաեւ` նախագահ Աունի այն կեցուածքին, որ միջազգային ատեաններուն մէջ Լիբանան Հայաստանի զօրակցութեան կը վստահի, իսկ նախագահ Սարգսեանի այն արտայայտութեան, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի պահպանուին:
Լրատուութեան մէջ մանրամասնօրէն նշուած են Հայաստանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ նախագահ Աունի հանդիպումներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են խորհրդարանի մատեանին մէջ անոր կատարած գրառումին եւ ի պատիւ իրեն սարքուած ընթրիքին ընթացքին անոր արտասանած պատգամը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
«Մուսթաքպալ» օրաթերթը մանրամասնութեամբ անդրադարձած է նախագահ Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան` լուսարձակի տակ առնելով լիբանանահայութեան հետ անոր ունեցած հանդիպումը, որ կ՛երեւի թէ՛ լուրին համար ընտրուած լուսանկարին մէջ ե՛ւ թէ լուրին համար ճշդուած խորագիրին մէջ, ուր նախագահ Աուն կը հաստատէ, որ Լիբանան «տիեզերական հայրենիք» է, հարուստ` իր գիտական եւ մշակութային բազմազանութեամբ:
Նոյն օրաթերթին մէջ երկրորդ օրը տեղ գտած է ընդարձակ լրատուութիւն` նախագահ Աունի հանդիպումներուն մասին, յատկապէս` նախագահ Սարգսեանի հետ անոր կատարած մամլոյ միացեալ ասուլիսին եւ նախագահ Աունի կատարած այն արտայայտութեան, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն:
«ՀԱՅԱԹ»
«Հայաթ» օրաթերթը իր կարգին անդրադարձած է նախագահ Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան` հիմնական խորագիրի վերածելով Երեւանի մէջ նախագահ Աունի կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Կառչած կը մնանք մեր ծովային եւ ցամաքային սահմաններուն, ինչպէս նաեւ` օրինական միջոցներով զանոնք պաշտպանելու մեր իրաւունքին»:
Լրատուութեան մէջ մանրամասն անդրադարձ կայ նաեւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ նախագահ Աունի հանդիպումներուն մասին:
«ՊԻՆԱ»
«Պինա» օրաթերթը իր առաջին էջով միայն լուսանկարով մը անդրադարձած է Երեւանի մէջ լիբանանահայութեան հետ նախագահ Աունի ունեցած հանդիպումին, սակայն ընդարձակ լրատուութեան մէջ անդրադարձած է նախագահ Աունի կատարած այցելութիւններուն եւ կատարած արտայայտութիւններուն:
Օրաթերթը իր ենթախորագիրով կատարած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ նախագահ Աունի արձանագրած գրառումէն մէջբերում մը, որուն մէջ ան շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պէտք է պարտադրուի` բիւրեղացնելու համար յիշողութիւնը:
Իսկ խորագիրին մէջ «Պինա» մէջբերած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իմաստով նախագահ Աունի կոչը` լիբանանահայութեան:
Աշուշտ լրատուութեան մէջ մանրամասն անդրադարձ կայ նաեւ նախագահ Աունի Էջմիածին այցելութեան եւ հոն կատարած անոր արտայայտութիւններուն:
«Պինա» երկրորդ օրուան իր լրատուութեան համար զետեղած է հետեւեալ յատկանշական խորագիրը. «Անցեալի ցեղասպանութեան ուրացումը եւ անպատիժ մնալու իրականութիւնը կը քաջալերեն ներկայի սպանդներուն կազմակերպումը»:
«ՇԱՐՔ»
«Շարք» օրաթերթը իր կարգին անդրադարձած է նախագահ Աունի Հայաստան այցելութեան` լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան անոր այցելութիւնն ու հայ ժողովուրդին նահատակներուն համար արդարութեան պահանջը:
«Շարք» յատուկ լուրով մը անդրադարձած է նաեւ լիբանանահայութեան հետ նախագահ Աունի ունեցած հանդիպումին, որուն ընթացքին նախագահ Աուն շեշտած էր գիտութեան եւ մշակոյթներու բազմազանութեամբ հարուստ Լիբանանի իրականութեան, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առած էր Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի արտայայտութիւնը, որուն մէջ դեսպանը շեշտած էր, որ լիբանանահայութիւնը իր աշխուժ ներդրումը ունի Հայաստանի բարգաւաճման մէջ:
Երկրորդ օրուան լրատուութեամբ «Շարք» անդրադարձած է նախագահ Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան` մանրամասնօրէն անդրադառնալով նախագահ Աունի հանդիպումներուն եւ գլխաւորաբար շեշտելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր պահելու եւ գործակցութիւնը, յատկապէս առեւտուրը աշխուժացնելու լիբանանեան եւ հայկական կողմերուն յանձնառութիւնը:
«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»
«Սատա պալատ» օրաթերթը ակնարկած է նախագահ Աունի Իրաք կատարած այցելութեան աւարտին եւ Հայաստան ժամանումին:
Թերթին խմբագրութիւնը ընտրած է նախագահ Աունի կողմէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղկեպսակ զետեղումի պահը, իսկ լրատուութեան մէջ անդրադարձած է Երեւանի «Ռետիսըն պլու» պանդոկին մէջ նախագահ Աունի եւ լիբանանահայութեան միջեւ կազմակերպուած հարազատութիւն բուրող հանդիպումի երեկոյին, որուն ընթացքին ան լիբանանահայութեան հետ կիսեց հայութեան հետ կապուած իր յուշերը` հաստատելով, որ անոնք ուսանողական տարիքէն սկսած են` հասնելով մինչեւ բանակի մէջ ծառայութեան տարիները` զինակից հայ ընկերներով, ինչպէս նաեւ` հայութեան հետ իր գոյացուցած ընտրական ու քաղաքական դաշինքի օրերը եւ մինչեւ օրս հայ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ իր յարաբերութիւնները:
Լուրին մէջ նշուած են նաեւ նախագահ Աունի Էջմիածին այցելութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ անոր կատարած գրառումին մանրմասնութիւնները:
«Սատա Պալատ» իր երկրորդ օրուան թիւով անդրադարձած է Երեւանի մէջ նախագահ Աունի ունեցած հանդիպումներուն` ընդգծելով Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն կառչած մնալու վերաբերող նախագահ Աունի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ` նախագահ Սարգսեանի կողմէ Հայաստանի մէջ լիբանանեան աշխուժ գործունէութիւնը ողջունող արտայայտութիւնները:
Նոյն օրաթերթը շեշտած է նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքար մղելու Լիբանանի եւ Հայաստանի յանձնառութիւնը:
«ԱՆՈՒԱՐ»
«Անուար օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ տեղադրած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ նախագահ Աունի կողմէ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղելու լուսանկարը, իսկ գլխաւոր խորագիրի վերածած է Լիբանանի «տիեզերական հայրենիք» ըլլալու իրականութիւնը` ակնարկելով Լիբանանի մէջ ապրող տարբեր շերտերուն, որոնցմէ` գլխաւորաբար լիբանանահայութեան:
«Անուար» անդրադարձած է նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ Միշել Աունի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումին` իր առաջին էջին վրայ զետեղելով իրարու ձեռք թօթուելու նախագահներուն լուսանկարը, ինչպէս նաեւ` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով զոյգ նախագահներուն յանձնառութիւնը:
«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ»
«Տէյլի Սթար» օրաթերթը ընտրած է նախագահ Աունը աղ ու հացով դիմաւորելու հայկական աւանդութիւնը դրսեւորող լուսանկար մը, իսկ լուրին խորագիրին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայութեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նախագահ Աունի կատարած կոչին:
Լրատուութեան սկիզբը նշուած է նաեւ նախագահ Աունի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան համար պահանջուած արդարութեան յայտարարութիւնը:
Երկրորդ օրուան իր թիւով «Տէյլի Սթար» կ՛ակնարկէ նախագահ Աունի կողմէ լիբանանեան-հայկական յարաբերութիւններուն պատմական ըլլալուն իրողութեան` հաստատելով, որ լիբանանեան ընկերութեան համար տարբեր քաղաքակրթութիւններու միաձուլումը հարստութեան աղբիւր է:
«Լ՛ՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ»
«Լ՛Օրիան լը ժուր» օրաթերթը իր առաջին էջով ու նաեւ լրատուութեան մէջ անդրադարձած է Երեւանի մէջ նախագահ Աունի կատարած Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջելու յայտարարութեան:
Առաջին էջին վրայ տեղադրուած է նախագահ Աունը Ծիծեռնակաբերդի մէջ` Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակի անմար կրակին դիմաց կանգնելու լուսանկարը, որուն տակ խմբագրութիւնը կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Իրաք իր այցելութենէն ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն երէկ Հայաստան մեկնելով` խորհրդանշական մեծ իմաստով յագեցած ճամբորդութիւն մը կատարեց: Երեւան հասնելէ ետք, պետութեան ղեկավարը լռութեամբ կանգնեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարկոթողին առջեւ: Այդ մէկը եղաւ առիթ մը, որ ինք վերջիններուս համար «արդարութիւն» պահանջէ` «յիշողութիւնը բիւրեղացնելու եւ անարդարութեան դէմ արդարութեան արձանագրելիք յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու համար»:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Ազգային լրատու գործակալութիւնը ամբողջական կերպով անդրադարձաւ նախագահ Աունի Հայաստան այցելութեան լուրին` պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրելով նաեւ այցելութեան մասին մեծ թիւով լուսանկարներ:
Ազգային լրատու գործակալութեան կայքին վրայ տեղադրուեցան նախագահ Աունի այցելութեան ընթացքին անոր արտասանած բոլոր խօսքերը, ինչպէս որ էին:
Ազգային լրատու գործակալութիւնը երկրորդ օրը նոյն ձեւով եւ շատ լայն ու մանրամասն կերպով անդրադարձած է նախագահներ Աուն-Սարգսեան հանդիպումին, անոնց մամլոյ միացեալ ասուլիսին, նախագահ Աունի խորհրդարան այցելութեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ անոր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ` նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աունի ի պատիւ տրուած ընթրիքին եւ հոն ատասանած անոր կարեւոր խօսքին:
«Ազդակ»