Հայաստանի Մէջ Գորգերու Արտադրութիւնը Աճած է

Հայաստանի մէջ գորգերու եւ գորգագործական արտադրատեսակներու արտադրութիւնը 2017-ի ընթացքին մեծ մասամբ անկման ցուցանիշներ արձանագրած է, սակայն տարեկան կտրուածքով գորգերու արտադրութիւնը աճած է:
ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ նախորդ տարի հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 19.8 թոն գորգ եւ գորգեղէն` 2016-ի համեմատ աճելով 10%-ով:
Նշենք, որ 2016-ի Հայաստանի մէջ արտադրուած է 18 թոն գորգ եւ գորգեղէն, 2015-ին` 41 թոն:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ թեթեւ արդիւնաբերութեան, մասնաւորապէս գործուածքի, կաշեգործութեան, կօշկակարութեան եւ գորգագործութեան ոլորտներուն համար արտօնութիւններ պէտք է սահմանուին: Մարզերու մէջ ճիւղի զարգացումը խրախուսելու համար արտօնութիւններ պէտք է ըլլան Երեւանէն դուրս գործունէութիւն ծաւալողներու համար, ինչպէս նաեւ պիտի խրախուսուին նոր աշխատատեղ ստեղծողները, պետական օգնութիւն պիտի ըլլայ: