Սեւակ Խանաղեան «Եւրոտեսիլ 2018»-ի Հայաստանի Ներկայացուցիչ (տեսանիւթ)

«Եւրոտեսիլ 2018»-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սեւակ Խանաղեանը: Երէկ երեկոյեան կայացած «դէպի Եւրոտեսիլ» նախագիծի եզրափակիչ համերգին՝ պայքարեցան տասը մասնակիցներ, որոնց մէջէն՝ միջազգային ժիւրիի եւ հեռուստադիտողի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք` յաղթող ճանչցուեցաւ Սեւակ Խանաղեանը իր «Քամի» երգով:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ Մայիսին Սեւակը պիտի մեկնի Փորթուկալ` Լիզպոն, ուր պիտի կայանայ «Եւրոտեսիլ 2018»-ը:

Հայաստանի ներկայացուցիչը ելոյթ պիտի ունենայ առաջին կիսաեզրափակիչին, որ պիտի կայանայ Մայիս 9-ին:

Scroll Up