Ֆրեզնոյի Քաղաքապետը Պատրաստ Է Աջակցելու Ուիլեամ Սարոյեանի Թանգարանի Բացման

ԱՄՆ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտը կ’ողջունէ «Սարոյեան Հաուս» նախագիծը եւ աջակցելու պատրաստակամութիւն  յայտնած է:
Փետրուար 23-ին «Ռենեսանս» մշակութային եւ կրթական  հիմնադրամին կողմէ իրականացուող «Սարոյեան հաուս» նախագիծի ծիրէն ներս նախագիծի համակարգող Աւագ Սիմոնեան, «Ստորակէտ» ճարտարապետական արհեստանոցի համահիմնադիր Մերուժան Մինասեան եւ «Սարոյեան հաուսի» հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Ֆրեզնոյի մէջ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի փրոֆէսոր Պարլօ Տէր-Մուգրդեչեան հանդիպում  ունեցած են Ֆրեզնոյի քաղաքապետին հետ եւ անոր ներկայացուցած նախագիծը:Այդ մասին կ’ըսուի «Վերածնունդ» մշակութային եւ կրթական հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:
«Վերածնունդ» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամը 2015-ի դեկտեմբերին գնած է Ֆրեզնոյի մէջ Սարոյեանի տունը եւ յայտարարած հեղինակի մանկութեան տունը վերականգնելու եւ այնտեղ «Սարոյեանի տունը» նախագիծի իրագործման մասին: Տան արտաքին հատուածի վերանորոգումն արդէն իսկ աւարտած է:
Քաղաքապետին ներկայացուած են նախագիծի յետագայ ծրագիրները եւ թանգարանի հայեցակագը` իր բոլոր նորարարական եւ պատկերաւոր լուծումներով: Բացումէն յետոյ, Ուիլեամ Սարոյեանի կեանքի յայտնի եւ անյայտ բոլոր դրուագներուն մասին պատմող թանգարանը կը դառնայ Ֆրեզնոյի մշակութային եւ կրթական կեդրոններէն մէկը:
Շեշտուած է նաեւ այն փաստը, որ Սարոյեան ունեցած է համաշխարհային ճանաչում, եւ անոր անձի կարեւորումը ոչ միայն հայկական սփիւռքի ձեռքբերումը պիտի ըլլայ, այլեւ ողջ ամերիկեան հասարակութեան: Թանգարանին մէջ հիւրերը հնարաւորութիւն կ’ունենան անձամբ տեսնելու Սարոյեանին` հոլոգրամի միջոցով:
Թանգարանի բացումը ծրագրուած է 2018 թուականի օգոստոս 31-ին` գրողի յոբելենական 110- ամեակին:

Scroll Up