Հայկական Բուսական Թէյերը Պիտի Արտահանուին Գերմանիա

Գերմանիոյ Նիւրենպերգ  քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Պիոֆախ 2018» օրգանական սննդամթերքի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս հայկական «Սարի թէյ» եւ «Անթառամ» ընկերութիւնները գերմանական TeeGschwendner-ի  հետ համաձայնագիր կնքած են բուսական թէյի արտահանման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատունէն:

«Հայաստանեան երկու կազմակերպութիւններու մասին իմացած ենք NABU-ի եւ Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան կողմէ իրականացուող Օրգանական գիւղատնտեսութեան ծրագրի միջոցով: Կը կարծեմ նախագիծը շատ լաւ հնարաւորութիւններ եւ հեռանկար ստեղծած է  թէ՛ Հայաստանի մէջ օրգանական թէյ արտադրողներուն, թէ՛  մեզի համար: Այսօր երկու կազմակերպութիւններու  հետ ստորագրեցինք  արտահանման վերաբերեալ համաձայնագիր, բայց պիտի չսահմանափակուինք միայն մեր գործընկերներէն թէյ գնելով․ մենք աւելի լայն համագործակցութիւն կը նախատեսենք:

Առաջին հերթին մեր նոր գործընկերներուն պիտի ծանօթացնենք եւրոպական շուկայի չափանիշները եւ առանձնայատկութիւնները, անոնց աշխատակիցներուն համար նաեւ տեղի պիտի ունենան դասընթացներ: Սա TeeGschwendner-ի կողմէ  տարածաշրջանին մէջ իրականացուող առաջին ծրագիրն է,  եւ կրնամ ըսել, որ մենք Հայաստանի մէջ գտանք այն, ինչ որ կը փնտռէինք»,- իր խօսքին մէջ նշեց  TeeGschwendner ընկերութեան պատասխանատու Լուքաշ Փարոպին:

TeeGschwendner ընկերութիւնը աշխարհի 4 մայրցամաքներու 7 տարբեր երկիրներու մէջ ունի աւելի քան 130 մասնագիտացուած խանութ:

«Սարի թէյ» եւ «Անթառամ» ընկերութիւնները անվճար օրգանական արտօնագիր ստացած են Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԿՈԼ դրամատան եւ NABU-ի (Գերմանիոյ բնութեան պահպանութեան միութեան) կողմէ համատեղ իրականացուող Օրգանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագրի ծիրէն ներս:

Օրգանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրը կ՛իրականացուի  Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան յաճախորդներուն համար:

Scroll Up