«Կը Սիրեմ Քեզ Հայոց Լեզու» Խորագիրով Խաղ-Մրցոյթ Լոպնիա Քաղաքին ՄԷջ

Այս տարի ՌԴ Լոպնիա քաղաքի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան դպրոցը Մայրենիի տօնը նշած է «Կը սիրեմ քեզ հայոց լեզու» խաղ-մրցոյթով: Մրցոյթի ընթացքին իւրաքանչիւրն այդ պահուն միտքը եկած բանաստեղծութիւն մը պէտք է արտասանէր: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն, ասմունքողները մէկը միւսին հերթ չեն տուած, եւ յաղթած է ՀԱՅՈՑ Լեզուն:
2018 թուականին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան դպրոցին մէջ յայտարարուած է Հայատառ գրելու տարի: Այդ նպատակով շաբթուայ մէկ օրը հայկական համայնքը պիտի նուիրէ հայկական ֆիլմեր դիտելուն, որ եւս նոր խթան մըն է համայնքի առօրեան շաղախելու Մայրենիով: